1 հոկտեմբերի ժամը 20:00-ի դրութեամբ Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուած 100 հազար 514 անձ հասած է Հայաստան: Հակարիի կամուրջը հատած է 21 հազար 106 փոխադրական միջոց: «Արմէնփրէս»-ի համաձայն, այս մասին յայտարարեց Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետի մամլոյ քարտուղար Նազելի Պաղտասարեան:

Ան աւելցնելով ըսաւ, որ ժամը 20:00-ին նախորդող 4 ժամուան ընթացքին 24 անձ տեղափոխուած է: «Վայրկեաններ առաջ Գորիս հասած է փոխադրակառք` 15 ուղեւորով: Իւրաքանչիւր զանգի ետեւէ մենք պիտի երթանք, եւ եթէ մարդիկ կ՛ուզեն տեղափոխուիլ Հայաստան` տեղափոխումը պիտի կազմակերպուի», շեշտեց Պաղտասարեան աւելցուց. «Մարդոց տեղափոխման գործընթացը կը մօտենայ իր տրամաբանական աւարտին: 100 հազար 514` այսպիսին է ցուցանիշը այս պահու դրութեամբ, եւ նշեմ, որ նախորդ օրուան համեմատութեամբ շատ չնչին տարբերութիւն ունինք: Փոխադրական միջոցները, որոնք հատած են Հակարիի կամուրջը, կը կազմեն 21 հազար 106»:

Անոր տուեալներով` հաշուառուած է 85 հազար 975 քաղաքացի. 49 տոկոսը տղամարդիկ են, 51-ը` կիներ: Ընդհանուր առմամբ, տեղափոխուած է 222 յղի, 2105 հաշմանդամութիւն ունեցող անձ: Վիրաւորներու թիւը 283 է:

Պետութեան կողմէ տրամադրուող կեցավայրերէն, ժամը 20:00-ի դրութեամբ, օգտուած է 48 հազար 649 մարդ. Արագածոտնի մարզին մէջ` 2305, Արարատի մարզին մէջ` 12 հազար 445, Արմաւիրի մարզին մէջ` 4461, Գեղարքունիքի մարզին մէջ` 3996, Լոռիի մարզին մէջ` 2686, Կոտայքի մարզին մէջ` 11 հազար 630, Շիրակի մարզին մէջ` 2275, Սիւնիքի մարզին մէջ` 4592, Վայոց ձորի մարզին մէջ` 1937, Տաւուշի մէջ` 2322 անձ:

Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի եւ պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատար Ճալալ Յարութիւնեանի նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է, երէկ ըսած է Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազ Քեամրան Ալիեւ, կը հաղորդեն ատրպէյճանական լրատուամիջոցները:

Ան դիտել տուած է, որ անոնց նկատմամբ միջազգային հետախուզում յայտարարուած է «Գեանջայի (Գանձակ) խաղաղ բնակչութեան վրայ հրթիռակոծութիւններու եւ 44-օրեայ պատերազմի ընթացքին խաղաղ բնակիչներու սպանութիւններու հետ կապուած»: Ատրպէյճանի ընդհանուր դատախազը աւելցուցած է, որ 300 հոգի հետախուզման մէջ է, անոնցմէ չորսը ձերբակալուած են:

Արցախի գրեթէ ամբողջական պարպումէն ետք երէկ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը հասաւ Ստեփանակերտ: