Երէկ, հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ տեղափոխող մեքենայի մը ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերուն բացած կրակին հետեւանքով հայկական կողմէն տուժածներ արձանագրուած են։

Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութիւնը յայտնած է, որ տեղեկութիւններ պիտի տրամադրէ աւելի ուշ:

Հետագայ ժամերուն առաջնագիծին իրավիճակը յարաբերականօրէն կայուն եղած է: Այս մասին յայտնած են ՀՀ Պաշտպանութեան Նախարարութենէն։
Յիշենք, որ Ատրպէյճան այսօր հրաձգային զէնքերով կրակ բացած է Կութի հատուածին մէջ տեղակայուած հայկական դիրքերու անձնակազմին համար սնունդ տեղափոխող մեքենային վրայ։