«Արմէնփրէս»._ Ազգային Ժողովը վաւերացուց Հռոմի կանոնադրութիւնը (Հռոմի ստատուսը)։ Հռոմի կանոնադրութիւնը վաւերացանելու մասին նախագիծը ընդունուեցաւ Ազգային Ժողովի նիստին՝ ստանալով 60 կողմ, 22 դէմ, 0 ձեռնպահ ձայներ: «Հայաստան» եւ «Պատիւ Ունեմ» խմբակցութիւնները դէմ քուէարկած են նախագիծին։
Աւելի ուշ, Սահմանադրական դատարանը ճանչցած էր սահմանադրութեան համապատասխանող 17 Յուլիս 1998-ին ստորագրուած՝ Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութեան մէջ ամրագրուած պարտաւորութիւնները։ 2022 թուականին այս հարցով Սահմանադրական դատարան դիմած է Կառավարութիւնը։ Աւելի ուշ գործադիր մարմինը Միջազգային քրէական դատարանի Հռոմի կանոնադրութիւնը (Հռոմի ստատուս) ուղարկած էր Ազգային Ժողով՝ վաւերացումի։ Ազգային Ժողովի պետական-իրաւական հարցերու մշտական յանձնաժողովը արդէն իսկ ընդունած է նախագիծ եւ անիկա ընդգրկուած է Ազգային Ժողովի հերթական լիագումար նիստի օրակարգին վրայ։
Ազգային Ժողովին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան յայտարարած է, որ Հռոմի կանոնադրութիւնը պիտի վավերացուի ամբողջութեամբ։ Կառավարութիւնը կրկին վերադարձած է Հռոմի կանոնադրութեան ճանաչման հարցին, քանի որ, ըստ այս նախագիծի հիմնաւորման, կարելիութիւն կը տեսնէ Ատրպէյճանը պատասխանատուութեան կանչելու: