Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատի դիմաց երդման արարողութիւն կատարեց Սուրիոյ Հանրապետութեան Թունուսի դեսպան Մուհամմէտ Մուհամմէտ։
Յետ երդման արարողութեան, նախագահ Ասատ ընդունեց դեսպան Մուհամմէտը, անոր ցուցմունքներ տուաւ եւ յաջողութիւն մաղթեց ստանձնած նոր պաշտօնին մէջ։
Երդման արարողութեան ներկայ գտնուեցան Սուրիոյ արտաքին գործոց նախարար դոկտ. Ֆայսալ ալ-Մըքտատ եւ Սուրիոյ Հանրապետութեան նախագահական հարցերու նախարար Մանսուր Ազզամ։