Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ հարցազրոյց ունեցաւ «CCTV» Չինաստանի պաշտօնական պատկերասփիւռային կայանին հետ։
Հարցազրոյցին ընթացքին նախագահ Ասատ ըսաւ. «19 տարի առաջ Չինաստան մեր այցելութենէն մինչեւ օրս հսկայ զարցացումներ եւ յառաջընթաց արձանագրուած են, նոյնիսկ համեմատական տոկոսներով դժուար է ճշդել զանոնք, որովհետեւ փոփոխութիւնները հսկայածաւալ են։
Կ՚ըսուի, որ Չինաստան աշխարհի գործարանն է, կամ ապրանք արտադրող համաշխարհային գործարան է, իսկ ես կ՚ըսեմ, որ Չինաստան ստեղծագործութեան գործարան է։ Միւս կողմէ, Չինաստանի ժողովուրդը ճանչուած է իր երկիրը սիրելու յատկութեամբ, պարզ է, որ իւրաքանչիւր ժողովուրդ կը հպարտանայ իր երկիրով, սակայն Չինաստանի ժողովուրդին հպարտութիւնը շատ աւելի յառաջացած փուլի հասած է՝ շնորհիւ Չինաստանի իրականացուցած ձեռքբերումներուն։ Միակ արժէքները, որոնք փոփոխութեան չեն ենթարկուած Չինաստանի մէջ մշակոյթն ու ժողովրդին պատկանելիութիւնն են՝ պատկանելիութիւն երկրին, միջավայրին, օրէնքներուն եւ սովորութիւններուն։ Այս մէկը ինքնին ձեռքբերում է, որովհետեւ մեծաթիւ պետութիւններ կը զարգանան, կը յառաջանան, սակայն անոնցմէ քիչեր կը պահեն իրենց ինքնութիւնը»։