3 Հոկտեմբերին, «Արցախփրէս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ ատրպէյճանական պաշտօնական աղբիւրները կը հաստատեն, որ Արցախի նախկին նախագահներ՝ Արկադի Ղուկասեան (1997-2007 թթ.), Բակօ Սահակեան (2007-2020), Արայիկ Յարութիւնեան ( 2020-2023թթ.), Ազգային ժողովի նախագահ, ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Դաւիթ Իշխանեան գերեվարուած ու տեղափոխուած են Պաքու։
ԼՂ ԱԽ նախկին քարտուղար Վիտալի Բալասանեանի ճակատագիրը առայժմ անյայտ է։
Անցնող օրերուն Ատրպէյճան գերեվարած էր նաեւ Արցախի Պաշտպանութեան բանակի հրամանատարի նախկին առաջին տեղակալ Դաւիթ Մանուկեան, Արցախի պետական ու ռազմական գործիչներ՝ պետնախարար Ռուբէն Վարդանեան, ՊԲ նախկին հրամանատար, զօրավար Լևոն Մնացականեան, Արցախի նախկին արտաքին գործոց նախարար, նախագահի խորհրդական Դաւիթ Բաբայեան եւ Արցախի Ազգային Անվտանգութեան Ծառայութեան նախկին պետ Արշաւիր Ղահրամեան։