Սիւնիքի մարզպետ Ռոպերթ Ղուկասեան 3 Հոկտեմբերին ընդունած է Հայաստանի մէջ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նորանշանակ արտակարգ և լիազօր դեսպան Մեհտի Սուպհանին:
«Արմէնփրէս»-ին այս մասին յայտնած են Սիւնիքի մարզպետարանի աշխատակազմէն։
Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպանը յայտնած է, որ շատ կը փափաքէր առաջին անգամ մարզպետին հանդիպիլ այնպիսի իրավիճակի մէջ, որ չհամընկներ այսօրուան իրավիճակին, որ իրենց համար ալ ցաւալի է․ «Խօսքը քաղաքական հարցերու մասին չէ, այլ՝ մարդասիրական»։
Դեսպանը տեղեկացուցած է Թեհրանի կողմէ Սիւնիք ուղարկուած մարդասիրական աջակցութեան մասին՝ աւելցնելով, որ ատիկա նախնական օգնութիւն է ու մարզպետէն ուզած է իմանալ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած անձերուն հրատապ, միջնաժամկէտ ու երկարաժամկէտ կարիքներուն մասին, որպէսզի Իրանէն ղրկուող հետագայ աջակցութիւնը աւելի տեղին ու նպատակայարմար ըլլայ։
Դիւանագէտը նաև տեղեկացուցած է, որ մինչ այս հանդիպումը տեղահանուած քանի մը ընտանիքներու հետ հանդիպած է։
Ռոպերթ Ղուկասեան շնորհակալութիւն յայտնած է այցելութեան ու մարդասիրական օգնութեան համար՝ յոյս յայտնելով, որ հետագայ հանդիպումներուն կարելի կը դառնայ խօսիլ այլ ծրագիրներու մասին, համագործակցութեան ու զարգացման նախաձեռնութիւններու մասին։
Պատասխանելով բարձրաստիճան դիւանագէտի հարցումներուն՝ մարզպետը ներկայացուցած է Սիւնիքի մէջ ԼՂ-էն բռնի տեղահանուած մարդկանց ընդունելու, աջակցելու, տեղաւորելու բարդ գործընթացը, նաև՝ այս առումով այն առաջնահերթ ու հետագայ կարիքները, որոնց լուծման համար ցանկալի է համագործակցութիւնը իրանական կողմին հետ։
Հանդիպման մասնակիցները քննարկած են նաև երկուստեք հետաքրքրութիւն ներկայացնող այլ հարցեր, որոնք կը վերաբերին տնտեսութեան, ապահովութեան, ենթակառոյցներու զարգացման և այլն։
Մեհտի Սոպհանիին յայտնած է, որ Իրանի կողմէ մարզէն ներս իրականացուող շինարարական ու այլ աշխատանքներով կը ձգտին աշխատանքի ընդունիլ նաև բռնի տեղահանուած անձեր՝ լուծելով անոնց գործի հարցը։