«Արմենփրէս»._Լեռնային Ղարաբաղէն 3 Հոկտեմբերի տեղւոյն ժամը 12:00-ի դրութեամբ Հայաստան տեղափոխուած է բռնի տեղահանուած 100 հազար 617 անձ:
Այս մասին 3 Հոկտեմբերին «Մարդասիրական Կեդրոն»-ին մէջ կայացած ասուլիսին յայտնեց Հայաստանի վարչապետի մամուլի քարտուղար Նազելի Պաղտասարեան:
Անոր խօսքին համաձայն, երթեւակային միջոցներու թիւը կը կազմէ 21 հազար 191: «Այս ժամու դրութեամբ յաւելում ունինք արդէն հաշուառուածներու մէջ. այդ թիւը կը կազմէ 91 հազար 918», ըսաւ Պաղտասարեան:
Լեռնային Ղարաբաղէն բռնի տեղահանուածներուն աւելի քան 50 տոկոսը ՀՀ տարբեր մարզերու մէջ օգտուած է պետական աջակցութեան կեցավայրերէն:
Պաղտասարեան անդրադարձաւ նաեւ 100 հազարական դրամներու տրամադրումը ու յիշեցուց, որ անիկա մարդոց համար, որոնք ունին դրամատնային, քարտային հաշիւներ, գործընթացը աւելի հեշտ պիտի ըլլայ: Ան յիշեցուց՝ դրամատնային քարտի հաշիւի բացումը պիտի ըլլայ անվճար: