Զուգադիպութի՞ւն է, որ ճիշդ այս օրերուն, երբ Արցախը օրհասական պայքար կը մղէր եւ նոր, բայց կրկնուող էջ մը կը բացուի մեր նորօրեայ պատմութեան մէջ։ Ափերուս մէջ ունեցայ այս տետրը, որ Ջարդէն վերապրած Բարսեղ Պ. Իսպեչէրեանի հեղինակութիւնն է եւ կը խօսի իր կրած տառապանքներուն մասին:
Երբ դիտենք Շաւարշ Նարդունիի գրականութիւնը, պիտի տեսնենք որ հոն չկան ջարդն ու տեղահանութիւնը այն տարողութեամբ, որ իր շրջանի մնացեալ գրագէտներուն մօտ կը գտնենք: Ասիկա հաւանաբար ձեւ մըն էր Նարդունիի համար շրջանցելու Դէպքին ահաւորութիւնը …
Այսօր ես եւս, դէմ յանդիման մեծ դէպքի մը ահաւորութեան, ուղեղս կը լարեմ ամբողջովին այլ ուղղութեան մը՝ գրականութեան վրայ, պարզապէս հաւասարակշռութիւնս պահելու ճիգով, եւ կը գրեմ Բարսեղ Պ. Իսպեչէրեանի մասին:
Գիտէի որ կայ, սակայն չէի տեսած: Մինչեւ այսօր:
Այսօր տեսայ այդ շատ հին եւ շատ թանկագին տետրակը, ջարդի արհաւիրքը տեսած եւ վերապրած երիտասարդի մը պատկանած եւ անոր հետ մինչեւ Գահիրէ հասած:
Տետրին կոկիկութի՞ւնն էր թէ գիրին գեղեցկութիւնը, որոնք երբ միտքիս մէջ կողք-կողքի կեցան տետրակին էջերը լեցնող տղուն տառապանքներուն կողքին, տարօրէն յուզեցին զիս:
Յստակ է որ գիրն ու բանը պաշտող տղայ մը եղեր է հեղինակը՝ Բարսեղ Պ. Իսպէչէրեան, որ խորագիր մը տուեր է իր տետրին, որ խորքին մէջ կարծես նախագիծը գիրքի մը՝ քերթուածներու հատոր, որ հաւանաբար «Սրտիս Սփոփանքը» պիտի կոչուէր, ինչպէս ինքնավստահ եւ շատ գեղեցիկ ձեռագրով գրուած է տետրակը պահող կողքին վրայ:
Կայ նաեւ փոքրիկ, հակիրճ տեղեկութիւն մը իր մասին.
«Բ. Իսպէչէրեան
Կիսաշրջանաւարտ Կեսարիոյ Ս. Կարապետ վանքի գիշերօթիկ վարժարանէն
1895ի Դեկտեմբերին»:
Եւ անշուշտ ձօն մըն ալ ունի.
«ՁՕՆ
1915ի տարագրութեան շրջանին
Անապատի արիւնաներկ ճամբաներուն վրայ մեռնող
Անդրանիկ զաւկիս, Հայկին
Եւ սիրելի ծնողացս՝ Պետրոսի եւ Լուսիայի
Անմոռանալի յիշատակին»:
Շատ գեղեցիկ գիրով գրուած այս տետրը վերջին փորձ մը կը թուի ըլլալ քերթողագիրքի մը, որ լոյսին չէ եկած թէեւ, սակայն իր մէջ կը պահէ ջարդի արհաւիրքը ապրած եւ անապատի անպատմելի ճամբաներէն անցած երիտասարդի մը վաւերական ապրումները:
Անշուշտ ժամանակ անցած է մինչեւ այս տետրին գրուիլը. ի վերջոյ կարելի չէ պատկերացնել, որ գաղթականութեան մէջ եւ ապրուստի հոգին տակ ճնշուած մէկը կարենար անմիջապէս գրի առնել իր ապրումները:
Չափածոյ բաժինը կը բաղկանայ 31 քերթուածներէ, որոնցմէ երկուքը ջնջուած են (վրան քաշուած մեծ խաչանիշով մը), իսկ վերջինը բաւական երկար պոէմ մըն է  «Վրէժի Մատնին» խորագիրով:
Քերթուածներէն ոչ բոլորը թուականներ կը կրեն, 1923-1934 տասնամեակին գրուած:
Արձակներէն առաջինը կը կրէ 1928 թուականը, երկրորդը անթուակիր է, իսկ երրորդը գրուած է 1940-ին:
Հեղինակին թոռնուհին՝ Վիվիան Ճամճեան-Սիմոնեան, որուն մօրենական մեծ հայրը կ’ըլլայ Բարսեղ Իսպէչէրեան, կը յիշէ իր մեծ հօր պատմածները.
«Նստասենեակը երկու դէմ դիմաց սէտիրներ ունէինք. Մեծ հայրիկը կը նստէր դիմացս եւ կը պատմէր, կը պատմէ՜ր. մեծ մայրիկը քովս նստած կ’ըլլար. Արցունքները կը հոսէին աչքերէն առանց հեկեկանքի, ծանր լռութեամբ. Մեծ մայրիկը բնաւ չէր խօսեր»:
Սիմոնեան կը յիշէ մանաւանդ պատում մը, որ քերթուածի վերածուած է եւ կը կրէ «Լուռ կա՛ց» խորագիրը: Քերթուածը ուղղուած է ջութակին, խնդրելով որ լուռ մնայ այդ գործիքը, որովհետեւ հեղինակը ամէն ձեռք առնելուն կը յիշէ իր անդրանիկ զաւկին՝ փոքրիկ Հայկին մահը, վրանին մէջ, մինչ ինք ջութակ կը նուագէր վրանին առջեւ:
Կա՞յ աւելի գեղեցիկ մեկնում, քան հօրը նուագին ծփանքին տակ, հօրը ապահովութիւն ներշնչող ներկայութեան…
Երբ ձեռք առնեմ քեզ, թելերդ ո՛չ թէ քու
Այլ իմ սրտիս խոր խոր լարուած կը զգամ ես.
Ջութա՛կ, իմ սիրուն, երբ թրթռաս դուն,
Հին հին յուշերով զիս կը խռովես:
Ինձ սպառնացող մահուած ձայնին դէմ
Ձայն տալով յաճախ սփոփեցիր զիս,
Վտարուած էի հայրենի տունէն,
Ոյժ տուիր սրտիս, կռթնելով վիզիս:
Ջութա՛կ, իմ սիրուն, դո՛ւ, մանուկի ձեռքէն
Խլեցիր հոգիս, մելամաղձ ձայնով.
Մինչ հանդէպ անոր չունէի ես քէն,
Ցարդ կ’ապրիմ ցաւով, քեզ հետ քովէ քով:
Մինչեւ ե՞րբ սիրտս հայրենեաց կարօտ
Պիտի տանչըւի քեզ հետ, ջութակ իմ,
Մինչեւ ե՞րբ այսպէս օտար ափանց մօտ
Կարօտի ցաւով պիտի գալարուիմ:
Լուռ կաց, ոհ, լուռ կաց, մի՛ խռովեր զիս,
Թող անձայն մարի կեանքիս վերջալոյս.
Ալ մի՛ կռթնիր վիրաւոր վիզիս,
Ձայնդ լաց բերէ, ոչ թէ խրախոյս:
Լուռ կաց, ջութակ իմ. թէեւ քու մեղմ ձայն
Գլխէս հեռացուց դահճի սուր դանակ.
Հայրենի սարերն ինձ երազ դարձան,
Թեւ չունիս, որ զիս հոն տանիս արագ:
1925
Այստեղ մէկ-երկու կենսագրական փոքր մանրամասներ կը տեսնենք, օրինակ երբ կ’ըսէ՝ «Ջութա՛կ, իմ սիրուն, դու մահուան ձեռքէն  / խլեցիր հոգիս». Իսպէչէրեան, որ ըստ երեւոյթին լաւ կը նուագէր, կանչուէր է մեծաւորի մը մէկ հանդիսութեան թէ խրախճանքին նուագելու, եւ այդպէս է որ փրկուեր է ստոյգ մահէ, կամ՝ «… թէեւ քու մեղմ ձայն / գլխէս հեռացուց դահճի սուր դանակ» եւ այլն:
Անշուշտ ԲԱՐՍԵՂ Պ. ԻՍՊԵՉԷՐԵԱՆ հեղինակ մը չէ այն իմաստով, որ իր երեք, գրեթէ աւարտուն գործերը հրատարակուած չեն: Բայց իր խօսքին եւ լեզուին մաքրութիւնը, գրելու իր անժխտելի շնորհքն ու լայն շունչը մեզի իրաւունք կու տան զինք հեղինակ կոչելու:
Երկու փոքր տետրեր կ’ամփոփեն իր աշխատանքին ամբողջութիւնը.
Ա. «Սրտիս Սփոփանքը», քերթուածներու հաւաքածոյ, տետրին էջ 1-58.
Երեք պատմուածքներ, նոյն տետրին էջ 59-150.
«Ռաշիտի խոստովանութիւնը, Բանտի յուշերէս»
«Անէծքը»
«Նունուֆար, Էջ մը անցեալի խորհրդաւոր յուշերէս»
Բ. «Արիւնոտ էջեր բռնագաղթի յուշատետրէս», 1914-1918, առանձին պրակ, 74 էջ.
Քերթուածներն ու պատմուածքները մէկ տետրի մէջ ամփոփուած են, վերջնականօրէն սրբագրուած. ունին նաեւ բովանդակութեան ցանկ մը:
Իսկ «Արիւնոտ Էջեր …»-ը առանձին պրակով մըն է, տետրէն անջատ: Ասիկա տակաւին իր վերջնական ձեւը չէ գտած, էջերը սրբագրութիւններով եւ ուղղումներով լեցուն են, իսկ պրակը ինք կը թուի անաւարտ ըլլալ, հակառակ որ առաջին էջերը՝ տիտղոսաթերթ եւ ձօն, ամբողջական են:
Այս պրակը գլուխներու բաժնուած է, հետեւեալ խորագիրներով.
«Բռնագաղթը»
«Անտանելի կեանքը վրանի տակ»
«Դէպի Եփրատ»
Ընդամէնը 234 էջեր (որովհետեւ 8 էջեր ալ հայատառ թրքերէնով գրուած 8 բանաստեղծութիւններ են), որոնք ամբողջ կեանքի մը տառապանքը կը խտացնեն, գեղեցիկ, մաքուր լեզուով, եւ տարօրէն յուզաթաթաւ ոճով:
Չենք կրնար մոռացութեան տալ այսպիսի մասունք եւ կը փորձենք լոյսին հանել նման թաքնուած գանձեր:
Մարուշ Երամեան