«Ի՞նչ է օգուտը ցոյց կազմակերպելուն. Իմաստը ի՞նչ է», «Պոռալ-կանչելով ի՞նչ կը փոխուի», «70 տարի է ցոյց կը կազմակերպենք, ի՞նչ շահած ենք», «Լա՜ւ, ցոյցը ըրինք, յետոյ ի՞նչ, so what?», «Իմ մասնակցութեամբ կամ իմ ներկայութեամբ ի՞նչ պիտի փոխուի, ես եկողը չեմ», «Ուժ ունի՜ս, ուզածիդ կը հասնիս, տկա՞ր ես, ո՛չ ոք քեզ կը լսէ, ցոյց ընելով պարապի ժամանա՞կ վատնենք, մենք մեր վրայ խնդա՞նք»:

Անցնող քանի մը տարիներուն, յատկապէս սփիւռքեան ափերուն, ամէ՛ն անգամ որ բողոքի գործողութիւններ կամ ցոյցեր կազմակերպելու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի, ոմանք, տարբեր ազդեցութիւններու տակ ու տարբեր դրդապատճառներէ մեկնած վերոնշեալ հարցումները կը բարձրացնեն (երբեմն լուրջ ու յաճախ հեգնական ոճով):

Փորձեմ պատասխաններ տալ այս հարցումներուն:
1. Իրազեկութեան մակարդակի բարձրացում: Ցոյցերը կարևոր միջոցներ են հետապնդած հարցիդ ու նպատակիդ շուրջ ուշադրութիւն հրաւիրելու, հարցէդ անտեղեակ, քիչ կամ սխալ տեղեկացուած հայ ու օտար հանրութեան իրազեկութեան մակարդակը բարձրացնելու: Փողոց դուրս գալով, նախ եւ առաջ, մարդիկ իրենց ձա՛յնը լսելի կը դարձնեն: Պէտք է ընդունինք, որ մեր պարագային, միջազգային լրատուամիջոցները մեր հարցերը բաւարար չափով չեն լուսաբաներ, իսկ երբ լուսաբանեն, յաճա՛խ կիսատ են, կողմնակալ են, թերութիւններ կամ ապատեղեկատուութիւն կը պարունակեն: Եթէ մենք մեր հարցերը չբարձրաձայնենք, չբողոքենք ու արդարութիւն չպահանջենք, ո՛չ ոք մեր փոխարէն պահանջելու պարտաւորութիւն ունի:

2. Համախմբում: Հաւաքական ողբերգութիւններէ անցող հասարակութիւնները, քովի-քովի գալու, կողք-կողքի կենալու, հաւաքական նեցուկի ու զօրակցութեան կը կարօտին: Արցախեան ու Հայաստանեան արհաւիրքի այս գերծանր օրերուն, ցոյցերը ամէն բանէ առաջ կը համախմբե՛ն տագնապողները, որոշ հոգեկան բաւարարութիւն մը, մխիթարութիւն մը կը ներշնչեն մասնակիցներուն:

3. Զայրոյթ կառավարելու քաղաքակիրթ միջոց: Մարդիկ բողոքի գործողութիւններու ճամբով իրենց զայրոյթը, ցասումը ու պահանջները արտայայտելու առիթ կը գտնեն: Ցոյցը նաեւ քաղաքակիրթ ու խաղաղ միջոց է, որ եթէ ճի՛շդ ձեւով կազմակերպուի, բռնութենէ կամ յանցագործութիւններէ հեռու կը պահէ զայրացած հաւաքականութիւնը: Այսինքն, երբ ցուցարարը կը զգայ որ իր ձայնը լսելի կը դառնայ, բռնութիւն գործելու հաւանականութիւնը բաւական կը նուազի: Աւելի պարզ, ցոյցի մասնակցելով ե՛ւ մեր զայրոյթը որոշ չափով կը կառավարենք, ե՛ւ այդ զայրոյթը դրական բանի մը առաջնորդած կ՛ըլլանք:

4. Զօրակցութիւն։ Ցոյցերը, անկախ աշխարհագրական հեռաւորութիւններուն, աղէտներ ու դժուարութիւններ դիմագրաւող կամ նոյն նպատակը հետապնդող հատուածներուն զօրակցելու, բարոյապէս աջակցելու, մխիթարելու, ոգեշնչելու, յուսադրելու շօշափելի միջոցներ են: Չէ՞ք կարծեր, որ հայրենի Արցախէն բռնի տեղահանուածը, երբ տեսնէ, որ իր հայրենակիցը հեռաւոր երկիրներու մէջ իրեն համար փողոց իջած է, նուազագոյն մխիթարութիւն մը պիտի զգայ: Չէ՞ք կարծեր, որ նման ծանր պահերուն, մենք պէտք է հաւաքաբա՛ր (ոչ միային անհատաբար) մեր հայրենակիցներուն ցոյց տանք, որ անոնք առանձին չեն, լքուա՛ծ չեն, իրենց տագնապն ու ցաւը մեր բոլորինն է: Այստեղ կարեւոր է յստակացնել, ցոյցերուն մասնակցիլը չի խանգարեր, որ ուրիշ կարեւոր միջոցներով ալ օգատակար դառնանք, ինչպէս օրինակ, մարդասիրական օժանդակութիւններ ուղարկել, կամաւորական աշխատանքի գործուղուիլ, դրամահաւաք կազմակերպել ու նիւթական տրամադրել աղէտեալներուն եւ այլն:

5. Ցոյցը պարզապէս միջոց է, պահանջատիրութեան գործիք է եւ ո՛չ նպատակ: Ցոյցը պահանջատէր հասարակութիւններուն ունեցած սահմանափակ միջոցներուն մէջ պարզապէս մէ՛կ կարեւոր գործիք է, որ կը համալրէ ու կ՛ամբողջացնէ մնացեալ գործիքները, օրինակ դիւանագիտութիւնը, լոպիինկը, քաղաքական յարաբերութիւնները, դատական ու իրաւական գործընթացները, բանակի մարտունակութիւնը եւ այլն:

6. Մնացեալ միջոցներուն օժանդակութիւն-զօրակցութիւն է: Օրինակ, ցոյցերու ճամբով դիւանագէտներն ու քաղաքական գործիչները հանրային զօրակցութիւն կամ մերժում կը ստանան: Պատկերացուցէք, բազում մարտահրաւէրներու մէջ ու շատ քիչ հնարաւորութիւններով բանակցող դիւանագէտին տրամադրութիւնը եւ ինքնավստահութիւնը, երբ բանակցութեան վայրին շրջափակը, բազմահազարներու զօրակցութիւնը կամ հակառակը՝ դատապարտումը կը լսէ:

7. Եթէ ցոյցի մասնակցելով կ՛ակնկալենք, որ ամէ՛ն ինչ յանկարծ ի նպաստ մեզի պէտք է դառնայ չարաչար կը սխալինք: Ցոյցերը առանձին ո՛չ մէկ ժամանակ կրնան յստակ ու երկարաժամկէտ յաջողութիւններու առաջնորդել: Ցոյցերու ազդեցութիւնը կարելի չէ անմիջապէս շօշափել ու պէտք չէ բարձր կամ անիրականանալի ակնկալիքներ ունենալ ցոյցերէն: Ցոյցերու կամ որեւէ բողոքի գործողութեան յաջողութիւնն ու ազդեցութիւնը տարբեր գործօններէ կախեալ են: Սակայն, պէտք է ընդունինք, որ մե՛ծ, համատարա՛ծ, շարունակական բողոքի ցույցերը կրնան յստա՛կ ճնշում գործադրել քաղաքական գործիչներուն և որոշումներ կայացնողներուն վրայ՝ լուծելու առկայ խնդիրները կամ դէպքերու զարգացման ուղին փոխելու: Փաստ կ՛ուզէ՞ք, նայեցէք պատմութեան, օրինակ. ԱՄՆ-ի քաղաքացիական իրաւունքներու շարժումը, Կանտիի շարժումը, Արաբական գարունը, Հարաւային Ափրիկէի Ափարթյայտի շարժումը, կանանց իրաւունքներու ցոյցերը եւ այլն:

8. Անցնող եօթանասուն տարիներուն, սփիւռքի կամ Հայաստանի մէջ կազմակերպուած ցոյցերը նպաստած են Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման, 1988-ի Արցախեան շարժման ու յաղթանակին, Հայաստանի ընկերատնտեսական հարցերու արծարծման ու լուծման, Թուրքիան ու Ատրպէյճանը ճնշելուն-սանձելուն, հայկական հարցերու մէջ Սփիւռքի ներգրաւուածութեան բարձրացման, 2008-ի ֆութպոլային դիւանագիտութեան ձախողութեան, քեսապահայութեան տուն դարձին, տարակարծութիւնները մէկ կողմ դնելով սփիւռքի մէջ միասնական աշխատանքի առիթներ ստեղծելուն, հայկական հարցին շուրջ միջազգային իրազեկութեան մակարդակի բարելաւման, Արցախի զօրակցութեան, 2018-ին ՀՀ-ի մէջ իշխանափոխութեան, սփիւռքի մէջ հայկական ինքնութեան պահպանման ու համահայկական աշխարհատարած ցանց մը ստեղծելուն:

9. Նպատակասլաց ու ողջմիտ ցոյց կազմակերպելը կամ անոր մասնակցիլը ո՛չ մէկ ժամանակ արգելք է այլ ձեռնարկներ ու միջոցառումներ կազմակերպելուն: Նմանապէս անոնք չեն խանգարեր զօրանալու գործընթացներուն: Աւելի պարզ, եթէ հրաժարինք ցոյցեր կազմակերպելէ, զօրաւոր ու ուժեղ պիտի չդառնանք: Տարբեր խնդիր է, որ առաջնահերթութիւնը պէտք է համազգային հզօրացման վրայ կեդրոնացնել, խելամիտ ո՛չ ոք կրնայ մերժել այս առաջարկը, բայց ցոյցերը չեն խոչընդոտեր զօրանալուն եւ ուժեղանալուն, ընդհակառակը. կը նպաստեն:

10. Ցոյցերը սահմանափակ կարողութիւններ ու հնարաւորութիւններ ունեցող հանրութիւններուն հաւաքաբար գործելու սակաւաթիւ միջոցներէն են: Ցոյցերու փոխարէն ի՞նչ միջոցառում կ՛առաջարկէք: Գերծանր ու ճգնաժամային պահերուն, ցոյցի մասնակցիլը, նուազագոյնը տունը նստելէն, բան մը չընելէն, միայն քննադատելէն ու խաւարը անիծելէն լաւ է:

Սիրելի հակա-ցոյցականնե՛ր, վերոնշեալ բացատրութիւնները եթէ համոզիչ ու բաւարար չեն, շատ բարի, ոչ մէկ խնդիր։ Մի՛ կազմակերպէք ու մի՛ մասնակցիք որեւէ ցոյցի կամ բողոքի գործողութեան: Ձեր տեսակէտն ու որոշումը յարգելի են: Բայց միեւնոյն ժամանակ, ցանկալի է, որ չխանգարէք, արգելքներ չհանդիսանաք, բացասական տրամադրութիւններ չտարածէք, հեգնանքով չմօտենաք ցոյցերու մասնակիցներուն, չթերագնահատէք անոնց գործը, յուսախաբութեան ու յուսաբեկութեան մակարդակը չկրկնապատկէք: Ոչինչ, դուք մնացէք ցոյցերու հակառակ, բայց ջանացէք այլ ձեւով օգտակար դառնալ մեր հաւաքական բազմապիսի տագնապներուն ու արհաւիրքներուն:

Վերջաւորութեան, բողոքի ցոյցերը հասարակութեան խիղճն են, ձայնազուրկներուն բարձրախօսը և անարդարութեան պայմաններուն մէջ փոփոխութիւններ կերտողները:

Դոկտ. Գէորգ Յակոբճեան

1 Հոկտեմբեր 2023