Թուրքիոյ ապահովական ուժերը լայնածաւալ գործունէութեամբ ահաբեկչութեան հետ առնչութիւն ունենալու կասկածով  ձերբակալած են աւելի քան 900 անձ:
Այս մասին կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը վկայակոչելով թրքական լրատուամիջոցները:
Թուրքիոյ Ներքին Գործոց Նախարարութեան փոխանցմամբ, այսպիսի հալածանք ընթացք առած է 64 նահանգի մէջ,  հարցաքննութեան կանչուած է 928 մարդ, առգրաւուած է 744 ապօրինի զէնք: