Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Ալի Եարլը Քայա յայտնեց, որ 1 Հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 9:30-ի շուրջ երկու «ահաբեկիչներ» ռումբերով յարձակում գործած են Ներքին Գործոց Նախարարութեան անվտանգութեան ընդհանուր տնօրէնութեան մուտքին վրայ:
Զինեալներէն մէկը ինքզինք պայթեցուցած է, իսկ երկրորդը ոստիկանութեան հետ զինեալ բախումի ընթացքին սպանուած է:
Աւելի ուշ, ՔԱԿ ստանձնեց անձնասպանական գործողութեան պատասխանատուութիւնը: