Սուրիա խստիւ դատապարտեց Հոմսի ռազմական համալսարանի սպաներու շրջանաւարտութեան հանդէսին ընթացքին ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ԱԹՍ-ներով իրագործած նողկալի յարձակումը և կոչ ուղղեց ՄԱԿ-ին և Ապահովութեան Խորհուրդին դատապարտելու այս ահաբեկչութիւնը և պատասխանատուութեան ենթարկելու ահաբեկչութիւնը հովանաւորող երկիրները՝ Սուրիոյ ժողովուրդին դէմ իրենց գործած յանցագործութիւններուն համար։

Սուրիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը այսօր հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, ուր շեշտեց. «Այս ոճիրը շարունակութիւնն է ԱՄՆ-ի եւ այլ երկիրներու կողմէ զօրակցութիւն ստացող ահաբեկչական խմբաւորումներու բռնարարքներուն՝ Սուրիոյ ժողովուրդին արիւնը հեղելու եւ Սուրիան ապակայունացնելու համար։ Հինգշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2023-ի յետմիջօրէին, ահաբեկչական խմբաւորումներ ԱԹՍ-ներով թիրախ դարձուցին Սուրիոյ Հոմս քաղաքի ռազմական համալսարանի սպաներու աւարտական ​​հանդէսը, որուն հետևանքով շարք մը զինուորներ, քաղաքացիներ նահատակուեցան, ինչպէս նաեւ ծնողներ, մանուկներ եւ կիներ ծանրօրէն վիրաւորուեցան»: