Սուրիոյ կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ եռօրեայ սուգ յայտարարեց Սուրիոյ մէջ Հոմսի ռազմական համալսարալէն ներս սպայ շրջանաւարտներու հանդիսութեան ընթացքին զինեալ ահաբեկչական յարձակումին հետեւանքով զոհուած նահատակներուն հոգւոյն։

Կառավարութիւնը հաղորդագրութեամբ յայտնեց. «Սուրիոյ Հանրապետութեան դրօշը կիսով չափ կ՚իջնէ Սուրիոյ Հանրապետութեան բոլոր շրջաններուն եւ արտերկրի սուրիական բոլոր դեսպանատուներուն եւ դիւանագիտական հաստատութիւններուն մէջ»։