Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ցաւակցագիր յղեց Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատին՝ Հոմսի ռազմական համալսարանին վրայ տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի նահատակներուն համար։

Քրեմլինի կայքին մէջ հրապարակուած ցաւակցագիրին մէջ Փութին կը յայտնէր.«Խստիւ կը դատապարտենք այս ոճիրը, որուն հետեւանքով արձանագրուեցան զոհեր, ներառեալ մանուկներ եւ կիներ։ Յոյս ունինք, որ ոճրագործները կը ստանան իրենց պատիժը»։
Փութին ցաւակցութիւն յայտնեց նահատակներու ընտանիքներուն եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն, շեշտելով, որ Ռուսիա պիտի շարունակէ նեցուկ կանգնիլ Սուրիոյ պետութեան՝ ահաբեկչութեան դէմ իր պայքարին մէջ։