Պաշտօնական եւ ժողովրդական ներկայութեամբ, Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտեան տեղի ունեցաւ Հոմսի ռազմական համալսարանի շրջանաւարտ սպայակազմի աւարտական հանդիսութեան ընթացքին տեղի ունեցած ահաբեկչական յարձակումի նահատակներուն թաղման արարողութիւնը։
Սուրիական բանակի եւ զինեալ ուժերու փոխհրամանատար, Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարար գնդապետ Ալի Ապպաս լրագրողներուն յայտնեց. «Հայրենիքի արժանապատուութեան տուրքը բարձր է، իսկ կեանքը ամենաթանկ նուէրն է, որ սպան տուաւ իր հայրենիքին։ Նահատակներուն թափած արիւնը թանկ է»։
Սուրիոյ Առողջապահութեան Նախարարութեան համաձայն, նահատակներուն թիւը հասաւ 89-ի, իսկ վիրաւորներունը՝ 277-ի։