Ի պատասխան Իսրայէլի «Աքսա» Մզկիթ խուժելուն եւ պաղեստինցիներուն վրայ յարձակելուն, Պաղեստինեան Ազգային Դիմադրութիւնը արձակեց «Աքսայի Հեղեղ» անունը կրող ռազմական գործողութիւնը, թիրախ դարձնելով Կազզայի շրջակայքը եւ 1948-ին բռնագրաւուած հողատարածքներուն մէջ գտնուող իսրայէլեան բնակավայրերը։

Դիմադրութիւնը բաց պատերազմ յայտարարեց նաեւ արեւմտեան ափին վրայ գտնուող բոլոր շրջաններէն ներս իսրայէլեան ուժերուն դէմ։

Պաղեստինեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին նաեւ, որ դիմադրութիւնը հազարաւոր հրթիռներով թիրախ դարձուց Թէլ Ապիպի, Ասքալանի եւ Կազզայի շրջակայքը գտնուող իսրայէլեան բնակավայրերը, ի պատասխան պաղեստինցիներուն դէմ Իսրայէլի իրագործած իրարայաջորդ ոճիրներուն։