ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի կայքէջը հաղորդած է, որ ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանը 12 Հոկտեմբերին պիտի քննէ Հայաստանի հայցը ընդդէմ Ատրպէյճանին։

Հայաստանը դիմած է ՄԱԿ-ի Արդարադատութեան Միջազգային Դատարան ՝ Ատրպէյճանին նկատմամբ միջանկեալ միջոցներ կիրառելու պահանջով։
Հայաստանի Հանրապետութիւնը, վկայակոչելով կանոնադրութեան 41-րդ յօդուածը եւ Դատարանի կանոնակարգի 73-րդ յօդուածը, հարցում ուղարկած է դատարան ՝ «Ռասայական խտրականութեան բոլոր ձեւերու վերացման մասին միջազգային համաձայնութեամբ ամրագրուած իրաւունքներու պահպանման եւ պաշտպանութեան համար» ժամանակաւոր միջոցներ կիրառելու մասին:

Հայաստանը խնդրած է դատարանին կիրառել հետեւեալ ժամանակաւոր միջոցները եւ հաստատել Ատրպէյճանի պարտաւորութիւնները՝ համաձայն այդ գործով կայացուցած վճիռներուն, մասնաւորապէս ՝ 7 Դեկտեմբեր 2021_ի եւ 22 Փետրուար 2023_ին:
1) Ատրպէյճանը պէտք է ձեռնպահ մնայ որեւէ միջոց ձեռնարկելէ, որ կրնայ հանգեցնել Ռասայական խտրականութեան վերացման կոմիտէի նկատմամբ իր պարտաւորութիւններու խախտումին։
2) Ատրպէյճանը պէտք է ձեռնպահ մնայ որեւէ գործողութենէ, որ ուղղակիօրէն կամ անուղղակիօրէն ուղղուած է Լեռնային Ղարաբաղէն մնացած ցեղական հայերը դուրս մղելուն կամ անոնց համար հետեւանքներ ունենալուն, կամ խոչընդոտած է վերջին զինուորական յարձակումի ժամանակ տեղահանուած անձերը ՝ Հայաստան կամ երրորդ պետութիւններ փախչողներուն անվտանգ եւ արագ վերադարձը իրենց տուները, միաժամանակ թոյլ տալով անոնց, որոնք կ’ուզեն լքել Լեռնային Ղարաբաղը, ատիկա ընելը անարգել։
3) Ատրպէյճանը պէտք է 19 Սեպտեմբեր 2023-ին իր զինեալ յարձակումին հետեւանքով բռնագրաւուած Լեռնային Ղարաբաղի բոլոր քաղաքացիական հաստատութիւններէն դուրս բերէ ողջ զինուորական եւ իրաւապահ անձնակազմը;
4) Ատրպէյճանը պէտք է աջակցի Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան եւ անոր մասնագիտացած հաստատութիւններուն հասանելիութեան Լեռնային Ղարաբաղի ցեղական հայերու նկատմամբ եւ զերծ մնայ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ եւ որևէ ձեւով չմիջամտէ անոնց գործունէութեան։
5) Ատրպէյճանը պէտք է աջակցի Կարմիր Խաչի միջազգային կոմիտէի ՝ Լեռնային Ղարաբաղի ցեղական հայերուն մարդասիրական օգնութիւն ցուցաբերելու հասանելիութիւնը եւ զերծ մնայ որեւէ խոչընդոտ ստեղծելէ, ինչպէս նաեւ համագործակցի Կարմիր Խաչի Միջազգային կոմիտէի հետ ՝ վերջին հակամարտութեան այլ հետեւանքներու վերացման համար։
6) Ատրպէյճանը պէտք է անյապաղօրէն աջակցի Լեռնային Ղարաբաղի տեղական ծառայութիւններուն ՝ կազի և ելեկտրականութեան ամբողջական վերականգնումին եւ հետագային ձեռնպահ մնայ անոնք խափանելէ։
7) Ատրպէյճանը պէտք է զերծ մնայ Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ կամ նախկին քաղաքական ներկայացուցիչներուն կամ զինուորական ծառայողներուն նկատմամբ պատժիչ միջոցներ ձեռնարկելէ։
8) Ատրպէյճանը պէտք չէ փոխէ կամ ոչնչացնէ 1915 թուականի Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած որեւէ յուշարձան կամ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ առկայ որեւէ այլ յուշարձան, հայկական մշակութային տուեալ։
9) Ատրպէյճանը ճանաչում եւ գործողութեան մէջ կը դնէ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններու կողմէն ստեղծուած քաղաքացիական կացութեան շարժումներու գրանցումները, անձը հաստատող փաստաթուղթերը, սեփականութեան իրաւունքները եւ գրանցամատեանները եւ չի ոչնչացներ կամ առգրաւեր այդպիսի գրանցամատեաններն ու փաստաթուղթերը։
10) Ատրպէյճանը պէտք է դատարանին հաշվետուութիւն ներկայացնէ սոյն վճիռի ի կատար ածելու համար ձեռնարկուած բոլոր միջոցներու մասին մէկ ամսուան ընթացքին ՝ սկսեալ սոյն վճիռի ամսաթիւէն եւ հետագային իւրաքանչիւր երեք ամիսը մէկ, մինչեւ դատարանի կողմէն գործի մասին վերջնական որոշման կայացումը։