Իսրայէլեան բռնատիրութեան դէմ պաղեստինեան ազգային դիմադրութեան արձակած «Աքսայի Հեղեղ» գործողութեան երրորդ օրուան ընթացքին հետեւեալ զարգացումները արձանագրուեցան.
-Երուսաղէմի եւ անոր շրջակայքին մէջ արտակարգ իրավիճակ յայտարարուեցաւ՝ Կազզայէն հրթիռներ արձակուելուն պատճառով։

-Պաղեստինեան ազգային դիմադրութիւնը հրթիռներով թիրախ դարձուց Թէլ Ապիպը՝ ի պատասխան բնակելի շրջաններուն դէմ իսրայէլեան իրարայաջորդ հրթիռակոծումներուն։

-Կազզայի հիւսիսային Ճապալիա շրջանին մէջ Իսրայէլ նոր ոճիր մը գործեց, որուն հետեւանքով տասնեակ նահատակներ արձանագրուեցան. իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծեցին շուկաներ, մզկիթ, բնակարաններ եւ Օներուայի ենթակայ դպրոցներ, որոնց մէջ հազարաւոր տեղահանուածներ կ՚ապաստանին։

-Պաղեստինեան լրատուամիջոցները հաղորդեցին, որ Իսրայէլ Կազզայի վրայ միջազգայնօրէն արգիլուած ճերմակ ֆոսֆոր արձակած է։

-Պաղեստինի Առողջապահութեան Նախարարութիւնը յայտարարեց, որ 493 նահատակ եւ 2751 վիրաւոր արձանագրուեցաւ Կազզայի դէմ Իսրայէլի յարձակումին հետեւանքով։

-Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ յայտարարեցին իսրայէլեան բանակի ամենամեծ սպաներէն՝ Էլի Կիսընպըրկի սպանութիւնը՝ Կազզայի յարակից բնակավայրերէն մէկուն մէջ, դիմադրութեան մարտիկներուն հետ բախումի ընթացքին։