Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, Եւրոպական Խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ, Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն եւ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց 5 Հոկտեմբերին Կրանատայի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին որդեգրած են յայտարարութիւն մը, որուն մէջ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տեղի ունեցածը կը բնորոշուի իբրեւ զանգուածային տեղափոխութիւն:
Ժողովին մասնակիցները յայտարարութեան մէջ կ՛ընդգծեն «իրենց անսասան աջակցութիւնը Հայաստանի անկախութեան, գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւս ահմաններու անձեռնմխելիութեան»:
«Անոնք նաեւ իրենց աջակցութիւնը յայտնեցին Եւրոպական Միութիւն-Հայաստան յարաբերութիւններու ամրապնդման` իր բոլոր չափումներով` հիմնուած Հայաստանի Հանրապետութեան կարիքներուն վրայ:
«Անոնք համաձայնեցան Հայաստանին յաւելեալ մարդասիրական օգնութիւն տրամադրելու անհրաժեշտութեան շուրջ, որովհետեւ անիկա կը բխի Ղարաբաղի հայերու վերջին զանգուածային տեղահանութեան հետեւանքներուն: Անոնք ընդգծեցին, որ այդ գաղթականները պէտք է ազատօրէն օգտուին իրենց տուներ եւ իրենց բնակութեան վայրեր վերադառնալու իրաւունքէն` առանց որեւէ պայմաններու, միջազգային հսկողութեան տակ եւ յարգելով իրենց պատմութիւնը, մշակոյթը եւ մարդու իրաւունքները:
«Անոնք հաւատարիմ կը մնան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղուած բոլոր ջանքերուն` հիմնուած Հայաստանի (29 հազար 800 քառ.քմ) եւ Ատրպէյճանի (86 հազար 600 քառ.քմ) գերիշխանութեան, սահմաններու անձեռնմխելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան փոխադարձ ճանաչման վրայ, ինչպէս նշուած է նախագահ Միշէլի 14 Մայիս 2023_ի եւ 15 Յուսլիսի յայտարարութիւններուն մէջ: Անոնք կոչ ուղղած են խստօրէն պահպանելու ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման սկզբունքը: Անոնք ընդգծած են սահմանագծման ուղղութեամբ աշխատելու հրատապ անհրաժեշտութիւնը` հիմնուելով Խորհրդային Միութեան սպայակոյտի ամէնէն վերջին քարտէսներու վրայ, որոնք տրամադրուած են կողմերուն եւ պէտք է հիմք հանդիսանան նաեւ ուժերու միջեւ հեռաւորութիւն պահպանելու, խաղաղութեան պայմանագիրը վերջնական տեսքի բերելու եւ մարդասիրական բոլոր խնդիրներու լուծման համար», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:
«Անոնք կոչ ուղղեցին` աւելի մեծ շրջանային համագործակցութեան եւ բոլոր սահմաններու, ներառեալ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ սահմաններու բացման, ինչպէս նաեւ` շրջանային կապերու բացման, երկիրներու գերիշխանութեան եւ իրաւասութեան լիակատար յարգման, ինչպէս նաեւ հաւասարութեան եւ փոխադարձութեան սկզբունքներու հիման վրայ:
«Եւրոպացի ղեկավարները Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին կոչ ուղղեցին ազատ արձակելու բոլոր ձերբակալուածները եւ համագործակցելու անհետ կորածներու ճակատագիրին լուծում տալու եւ ականազերծման աշխատանքները դիւրացնելու համար», ըսուած է քառակողմ փաստաթուղթին մէջ: