Երկուշաբթի, 9 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեան օրհնաբաշխ այցելութիւն տուաւ Ազգ. Միացեալ Վարժարան, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Վարժարանի Հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան կողմէ։
Սրբազան Հօր կ՚ընկերակցէր Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հալէպ ժամանած միաբան Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։ Ներկայ էին նաեւ Ազգ. Վարչութեան անդամ երկրչփ. Յարութ Աւընեան եւ Ուսումնական խորհուրդի անդամներու եւ ատենապետ օրդ. Անի Գալտընեանի։
Սրբազան Հայրը, Ազգ. Միացեալ Նախակրթարան այցելելով, իր մասնակցութիւնը բերաւ դրօշակի արարողութեան, ապա աշակերտներուն հետ «Տէրունական Աղօթք»-ը եւ «Զգործս Ձեռաց Մերոց» մաղթանքը արտասանեց։ Աշակերտները մէկ վայրկեան յոտնկայս լռութեամբ յարգեցին յիշատակը Հոմսի մէջ ոճրային արարքի հետեւանքով նահատակուողներուն։

Ապա, նախակրթարանի տնօրէնուհի տիկ. Նայիրի Քէօշկէրեան-Բանոյեան բարի գալուստ մաղթեց Սրբազան Հօր եւ շնորհակալութիւն յայտնեց իր հայրական հոգածութեան համար։
Մակար Սրբազան, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով քաջալերեց աշակերտները վերամուտի առիթով եւ մաղթեց, որ աշխատասէր, հնազանդ, մաքրասէր եւ ընկերասէր ըլլան, յարգելով եւ ուրախացնելով իրենց ծնողներն ու ուսուցիչները։ Սրբազան Հայրը իր խօսքին մէջ անդրադարձաւ Հոմսի մէջ տեղի ունեցած ոճրային արարքին, աղօթեց նահատակներու հոգիներուն համար եւ շուտափոյթ ապաքինում մաղթեց վիրաւորներուն։ Ան աղօթեց նաեւ Հայաստանի եւ Արցախի մէջ ծանր պայմաններու ներքոյ ապրող մեր հայորդիներուն համար։
Այնուհետեւ, Սրբազան Հայրը այցելեց Ազգ. Մանկապարտէզ, ուր փոքրիկ աշակերտները աղօթեցին եւ կոկիկ յայտագիր ներկայացուցին, որմէ ետք մանկապարտէզի բակէն ներս անոնք կլոր շրջանակ կազմեցին եւ եռագոյն փուչիկներ արձակեցին դէպի երկինք, խաղաղութիւն հայցելով մեր հայրենիքին Հայաստանին, ծննդավայր Սուրիոյ, ողջ աշխարհին եւ բարօրութիւն՝ արցախահայութեան։ Սրբազան Հայրը օրհնեց փոքրիկները, ուրախ եւ անփորձանք տարեշրջան մաղթեց անոնց։
Ապա, Մակար Սրբազան մտերմիկ հանդիպում ունեցաւ վարժարանի հոգաբարձութեան եւ տնօրէնութեան հետ, գնահատեց անոնց աշխատանքը եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեց։