Ուրբաթ, 6 Հոկտեմբեր 2023-ին,
Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (MECC) եւ Հոլանտական Եկեղեցիներու Խորհուրդի (KIA) պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին Հոլանտական Եկեղեցիներու Խորհուրդի (KIA) ընդհ. պատասխանատու պարոն Տիք, Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդի (MECC) Դամասկոսի երկրաչափական աշխատանքներու պատասխանատու երկրչփ. Նըմըր Հատտատ եւ Հալէպի գրասենեակի պատասխանատու Լամիս Խուրի, այցելեց Ազգ. Միացեալ վարժարանի վերանորոգուած կառոյցը, ուր ջերմապէս դիմաւորուեցաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Առաջնորդի Օգնական Հոգշ. Տ. Մանուկ Վրդ. Պարիխանեանի, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Հալէպ ժամանած միաբաններէն Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեանի, Ազգ. Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Յարութ Աւընեանի եւ տիար Արմէն Գասպարեանի, շինարարական աշխատանքներու Թեմի լիազօր երկրչփ. Տիգրան Պետրոսեանի, վարժարանի հոգաբարձութեան կազմին, տնօրէնութեան եւ ուսուցչական կազմի ներկայացուցիչներուն կողմէ։

Յիշենք, որ Ազգ. Միացեալ Վարժարանի վերանորոգութիւնը իրականացաւ Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու Խորհուրդին (MECC), Հոլանտական Եկեղեցիներու Խորհուրդին (KIA) եւ Ազգ. Առաջնորդարանի համագործակցութեամբ։

Սրբազան Հօր օրհնութեամբ եւ պատուիրակութեան անդամներուն մասնակցութեամբ յուշաքարի հանդիսաւոր բացումը կատարուեցաւ։
Ներկաները ցուցափեղկին մէջ ցուցադրուած լուսանկարները դիտելով մօտէն ծանօթացան վերանորոգութեան աշխատանքի հանգրուաններուն։
Ապա, անոնք շրջագայելով վարժարանի զանազան բաժիններէն ներս, իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին, բարձր գնահատեցին հետեւողական կերպով ի գործ դրուած վերանորոգութեան աշխատանքը եւ բարեյաջող գործունէութիւն մաղթեցին վարժարանի ողջ անձնակազմին։

Մակար Սրբազան իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մեծապէս գնահատեց, շնորհակալութիւն յայտնեց եւ իր երախտագիտութիւնը փոխանցեց պատուիրակութեան անդամներուն եւ իրենց ճամբով նաեւ (MECC) եւ (KIA) հաստատութիւններուն, իրենց կատարած յոյժ կարեւոր մարդասիրական օժանդակութիւններուն համար, մասնաւորաբար ան վեր առաւ մարդակերտումի դարբնոց հանդիսացող դպրոցներուն վերանորոգութեան ի նպաստ իրենց բերած յոյժ գնահատելի ներդրումը։