Պաշարուած Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը կը շարունակուի 4-րդ օրն ըլլալով. պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդանաւեր հրթիռակոծեցին Կազզայի հարաւային Խան Եունէս, Ռաֆըհ եւ հիւսիսային Պէթ Լահիա շրջանները, որոնց հետեւանքով 7 նահատակ արձանագրուեցաւ, իսկ Կազզայի արեւմտեան Պուրճ Հաճճի շրջանին դէմ իսրայէլեան օդանաւերու հրթիռակոծման հետեւանքով լրագրող մը նահատակուեցաւ։
Լրատուամիջոցները աւելցուցին, որ մինչ պաղեստինեան քաղաքային պաշտպանութեան խմբակը Կազզայի արեւելեան շրջաններէն մէկուն մէջ գտնուող գործարանէ մը ներս բռնկած հրդեհը կը շիջանէր, Իսրայէլ հրթիռակոծման ենթարկեց շրջանը, որուն հետեւանքով քաղաքային պաշտպանութեան խմբակէն 5 անդամ վիրաւորուեցաւ։ Բժշկական աղբիւրի մը համաձայն, մինչեւ օրս Կազզայի մէջ զոհուած նահատակներուն թիւը բարձրացաւ 700-ի, իսկ վիրաւորներունը 4000-ի։
Իսրայէլեան օդանաւերը Խան Իւնէսի արեւելեան «Ապսան» շրջանին մէջ թիրախ դարձուցին շտապ օգնութեան 4 փոխադրակառք։