«Արմէնփրէս».- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի յօդուածին մէջ, որ կը կրէ հետեւեալ խորագիրը՝ «Միջազգային Խաղաղութեան եւ Կայունութեան Բանալին ՄԱԿ-ի Կանոնադրութեան Սկզբունքներու Պահպանումն է՝ ամբողջութեամբ եւ փոխկապակցութեամբ» ըսուած է. Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ փոխադարձ ինքնիշխանութեան ճանաչման հարցը կարգաւորելէ վերջ, Ռուսիոյ խաղաղապահ զօրակազմը պատրաստ է նպաստել Հարաւային Կովկասի մէջ վստահութեան ամրապնդումին։

«Այժմ, երբ Երեւանի եւ Պաքուի ղեկավարները իրար միջեւ կարգաւորած են երկու երկիրներու ինքնիշխանութեան փոխադարձ ճանաչման հարցը, եկած է խաղաղ կեանքի հաստատման եւ վստահութեան ամրապնդման ժամանակը։ Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը պատրաստ է ամէն ձեւով նպաստել անոր», գրած է Լաւրովը։
Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան ղեկավարը նաեւ քննադատած է Եւրոպական Միութեան՝ նշելով, թէ Պրիւսէլ իր «միջնորդական ծառայությունները պարտադրած է» Հայաստանին եւ Ատրպէյճանին՝ «Ուաշինկթընի հետ միասին ապակայունացում բերելով Հարաւային Կովկասի մէջ»։