Վերջին մէկ տարուան ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի իրավիճակը արմատապէս փոխուած է, հետեւաբար, Ռուսիոյ խաղաղապահներու գործունէութիւնը կը յարմարցուի նոր պայմաններուն։ «Արմէնփրէս»-ի փոխանցմամբ՝ այդ մասին ճեպազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է Ռուսիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութեան պաշտօնական  ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա։
«Այն պայմանները, որոնցմով ռուսական խաղաղապահ զօրակազմը մտած է տարածաշրջան, լրջօրէն փոխուած են, եւ ընթացիկ տարուան 2023 Սեպտեմբերի զինուորական բախումներէն ետք բնակչութեան զանգուածային ելքի լոյսին տակ մեր խաղաղապահներուն գործունէութիւնը կը փոխուի», ըսած է պաշտօնեան՝ աւելցնելով, որ այդ պայմաններու փոփոխութեան պատճառ դարձած է Հայաստանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղը Ատըրպէյճանի տարածք ճանաչումը։
Զախարովա յայտնած է, որ վերջերս փակուած են Ռուսիոյ խաղաղապահներու մշտական եւ ժամանակաւոր շարք մը դիտակէտեր։ Ըստ Զախարովայի՝ խաղաղապահներու գործունէութեան առնչուող սկզբունքային հարցերը կը քննարկուին Պաքուի հետ։
Զախարովա աւելցնելով ըսած է, որ Հայաստանի, Ռուսիոյ եւ Ատրպէյճանի ղեկավարներուն միջեւ նախատեսուող նոր եռակողմ հանդիպման ժամկէտներուն եւ ձեւաչափին մասին հետագային կը տեղեկացուի։