Ժընեւի մէջ 9 Հոկտեմբերին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարի տեղակալ Վահէ Գէորգեան հանդիպում  ունեցած է ԱՄՆ բնակչութեան, փախստականներու եւ տեղահանուածներու հարցերով պետական քարտուղարի տեղակալ Ժուլիէթա Վալս Նոյեսի հետ։
«Արմէնփրէս»-ի տուեալներով, Վահէ Գէորգեան պետական քարտուղարի տեղակալին ներկայացուցած է Ատրպէյճանի կողմէ Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ իրականացուած ցեղային զտման քաղաքականութիւնը եւ մարդու իրաւունքներու զանգուածային խախտումներն ու ոճրագործութիւնները։
Ըստ աղբիւրին՝ քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղէն փախստականներու միջազգային պաշտպանութեան եւ աջակցութեան հարցեր։