1000 արցախցի ընտանիքի եւս օգնութիւն տրամադրելու նպատակով՝ Հայ Օգնութեան Միութիւնը եւ ՀՅԴ Հայաստանի կազմակերպութիւնը նախաձեռնած են դրամահաւաքի։

Վերջին օրերուն կը շարունակուի եռուզեռի մէջ մնալ Արամ Մանուկեան կեդրոնը։ Յաջորդաբար կը հասնին Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) հովանաւորած բեռնատարները, որոնք սնունդ եւ մաքրութեան առնչուող նիւթեր կը տեղափոխեն կեդրոն։ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական եւ Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան անդամները, հայրենի մասնաճիւղերու ժրաջան ՀՕՄ-ուհիները, ՀԵՄ-ի երիտասարդներն ու արտասահմանեան տարբեր երկիրներէ հայրենիք ժամանած կամաւորները մեղուի աշխատասիրութեամբ կը կատարեն բեռնաթափումը եւ սահմանուած չափով զայն կը տեղադրեն յատուկ արկղերու մէջ, որպէսզի բաժնուի տեղահանուած արցախահայութեան։ Այսօր առաջին փուլի աշխատանքները պէտք է աւարտին եւ պատրաստուած սնունդի արկղերը պէտք է բաժնուին Երեւանի եւ յատկապէս մարզերու մէջ ցանկագրուած եւ ժամանակաւոր ապաստան գտած արցախահայ մեր հայրենակիցներուն։ Նուիրատուութիւններն ու հանդերձահաւաքը կը շարունակուին․․․

Այն հայրենակիցները, որոնք կը փափաքին իրենց օգնութեան ձեռքը մեկնել Արցախի մեր հայրենակիցներուն, կրնան հագուստ եւ մաքրութեան պարագաները յանձնել ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ-ի գրասենեակ, իսկ նուիրատուութիւնները կատարել Հայ Օգնութեան Միութեան գրասենեակին մէջ։

ՀՄԸՄ-ՀԱՍԿ գրասենեակ՝
Հասցէ՝ ք. Երեւան, Երուանդ Քոչար 17/6, ժամը 11։00-18։00
Հեռ.՝ 093 07 22 22

Նուիրատուութիւններու համար կարելի է անձամբ ներկայանալ ՀՕՄ-ի գրասենեակ՝
Հասցէ՝ ք. Երեւան, Սայաթ-Նովա 27
Հեռ.՝ 077 56 75 13

Իսկ նուիրատուութիւնները փոխանցումով կրնաք կատարել ՀՕՄ-ի հետեւեալ հաշուեհամարներուն.

Դրամային հաշուեհամար՝
«Հայ Օգնութեան Միութիւն» ԲՀԿ
Հ/Հ – 220483350173000 /AMD/ Ակբա-Կրեդիտ Ագրիկոլ բանկ
ՀՎՀՀ – 01512885

Տոլարային հաշուեհամար՝
«Հայ Օգնութեան Միութիւն» ԲՀԿ
Հ/Հ – 220483350140001 /USD/ Ակբա-Կրեդիտ Ագրիկոլ բանկ
ՀՎՀՀ – 01512885

Կանխայայտ շնորհակալութեամբ՝
ՀՕՄ-Ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութիւն