Իսրայէլի վրայ Կազայէն արձակուած պաղեստինեան լայնածիր յարձակումը թեւակոխած է չորրորդ օրը, խլած է միջազգային քաղաքական բեմի եւ մամուլի գրեթէ բոլոր լուսարձակները, մէկդի հրած է Ուքրանիան, Հայաստանը, նաեւ այլ «շրջանային տագնապներ», ալ ի՜նչ խօսք՝ բնական աղէտներու ու գաղթականներու թղթածրարներուն մասին:
Աշխարհը վայրկեանը վայրկեանին քայլ կը պահէ դէպքերու սլացքին հետ: Լիբանանէն եւ դէպի Լիբանան սահմանափակ հրաձգութիւնները կը դիտուին իբրեւ տագնապին նոր տարածք ստանալուն նախանշանները, իսկ թէ անկէ անդին մինչեւ ո՞ւր՝ ո՛չ ոք կ’ուզէ բարձրաձայն խօսիլ հաւանականութիւններուն մասին:
Արձագանգները երեք գլխաւոր դասակարգ ունին. արեւմտեան աշխարհը, գլխաւորութեամբ Միացեալ Նահանգներու, զօրավիգ է Իսրայէլի, թէեւ նկատելի է, որ եւրոպական կարգ մը երկիրներու մէջ որոշ համակրանք կայ պաղեստինցիներու ուղղութեամբ. միւս կողմէ, արաբական կարգ մը երկիրներ, Իրանն ու այլք լիաբուռն կամ յստակ զօրակցութիւն կը յայտնեն պաղեստինեան ուժերուն: Կան նաեւ «չէզոքութիւն» խաղացողներ, որոնք ինքնազսպումի, զէնքի լեզուէն հրաժարելու եւ հարցերը խաղաղ միջոցներով լուծելու կոչեր կ’ընեն: Այդ կոչերը անլսելի կը մնան մէկ կողմէ՝ պաղեստինցիներու եւ միւս կողմէ Իսրայէլի հրթիռներու ու ռումբերու որոտին մէջ:
* * *
Հաշուեկշիռը ծանր է երկու կողմերէն ալ. կան բազմահարիւր զոհեր (իսրայէլացիները աւելի մեծ թիւով զոհ տուած են), բազմահազար վիրաւորներ, իսկ աւերումներուն տարողութիւնը կը ծանրանայ ժամէ ժամ: Ո՛չ ոք այս վայրկեանին կրնայ ըսել, թէ մասնավճարներով մղուող Գ. Աշխարհամարտին այս հատորը տակաւին քանի՞ էջի վրայ պիտի տարածուի, անդին, ուքրանական էջերը դարձած են բազմահատոր, Աֆղանիստանի մէջ նոր բայց աւելի մանր հատորներ կը գոյանան, նախընթացները (Իրաք, Սուրիա, Հայաստան-Արցախ եւ այլն) եւս վերջակէտի չեն հասած:
Կայ հազար ու մէկ մեկնաբանութիւն, մաս մը՝ սին, ուրիշներ՝ տեղին ու լրջամիտ: Տարածուող կարծիքներէն մէկը այն է, որ պաղեստինցիները աւելի մեծ վնասով դուրս պիտի գան, որովհետեւ Իսրայէլեան ուժերու գերակայութիւնը անվիճելի է: Նման մեկնաբանութիւններ յայտնապէս կ’անտեսեն այն, որ պաղեստինեան կողմը անկասկած որեւէ մէկէն աւելի՛ լաւ գիտէ ուժերու անհաւասարութեան իրականութիւնը, ուրեմն, հարցը հիմա այն չէ, թէ պիտի պարտուի՞ կամ վնասեն, կարեւորը այն է, որ աշխարհի ծանօթ իրադարձութիւններու բեմին վրայ, անոնք կը նախընտրեն յարատեւօրէն «էշ-նահատակ» չըլլալ, այլ տեղ մը գործածել բազկի ուժը, ցաւցնել դաժան թշնամին, քաղաքական ու զինուորական նահանջ պարտադրել անոր: Անոնք գիտեն, որ եթէ իրաւունքդ քու բազուկներովդ պաշտպանես, զօրակցող եւ աջակցող կը գտնես…
* * *
Պահ մը կանգ առնենք նոյնինքն յարձակողականին եւ արձագանգներուն առջեւ:
«Համաս»-ի եւ ուղեկիցներու նախաձեռնութեամբ Շաբաթ, 9 Հոկտեմբերին շղթայազերծուած յարձակողականը աննախընթաց է բազմաթիւ գիծերով եւ ընթացքով: Ամէնէն ուշագրաւը՝ պաղեստինեան կողմը ցնցիչ անակնկալ մը ստեղծեց Իսրայէլի մէջ, որ միշտ ալ յոխորտացած է, թէ անթափանցելի է, ունի պաշտպանողական գերարդիական սարքեր, իր գաղտնի սպասարկութիւնները կարող են թռչուններու թռիչքներն անգամ նախատեսել ու անբաղձալին կասեցնել: Վաղը, ինչ ալ որ ըլլայ Դաւիթ-Գողիաթի ճակատումին այս նորագոյն դրուագին վախճանը, Իսրայէլի անբեկանելիութիւնը շատ ծանր հարուած մը ստացած է արդէն, իսկ զոհերուն եւ վիրաւորներուն տարողութիւնը կրնայ ստեղծել քաղաքական նոյնքան ծանր հետեւանքներ, թէ՛ Նեթանիահուի կառավարութեան եւ թէ նոյնինքն Իսրայէլի համար: Պէտք է յիշել, որ Իսրայէլի «անպարտելիութեան առասպել»-ը անցեալին ալ մեծ ու փոքր հարուածներ կրած է, մէկ կողմէ՝ արաբ-իսրայէլեան ճակատումներուն, այլ առիթով՝ Իսրայէլի դէմ «խմբակային» ճակատումներու լոյսին տակ. այս ծիրին մէջ, կարեւոր էջ մըն էր 2006-ը, երբ Լիբանանի վրայ իսրայէլեան յարձակումը վերջ գտաւ
«Հըզպալլա»-ի արձանագրած յաղթանակի կէտերով:
Դերերը փոխուած են որոշ չափով: Դաւիթը՝ պաղեստինցիք, որոնք ընդհանրապէս իրենց պայքարը մղած են պարսատիկներով ու քարերով, երբեմն ալ դէպի Իսրայէլ հրթիռարձակումներով, հիմնական փոփոխութեան ենթարկած են մարտավարութիւնը: Պարզ հրթիռարձակում տեղի չ’ունենար, այլ յարձակումը կը կատարուի անօդաչու սաւառնակներով, ծովային ու ցամաքային թափանցումներով եւ անկարգելներով օժտուած մանր սաւառնակներով: Բախումներ բախած են Կազայի դրացի գօտիներու, մինչեւ իսկ Երուսաղէմի եւ Թէլ Աւիւի դռները:
Անակնկալ ու լաւ նախապատրաստած յարձակումը սկզբնական առաւելութիւնը տուաւ պաղեստինցիներուն: Անցեալի փուլերուն, Իսրայէլ ընդհանրապէս պահպանած էր իր գերակշռութիւնը, քանի մը հրթիռի դէմ՝ օդանաւային սաստիկ յարձակումներ, ծանր հրթիռներ եւ այլն: Այս անգամ, անակնկալ հարուածը այնպիսին է, որ ամբողջ երկիրը զօրաշարժի մատնուած է, պատերազմական վիճակ հաստատուած, պահեստի 300 հազար զինուորներ զէնքի տակ պիտի բերուին, որպէսզի իրականացնեն Նեթանիահուի սպառնալիքը, այսինքն՝ հիմնայատակ ջնջել Կազան, բնաջնջել Համասը եւ անոր զինակիցները: Եւ իսկապէս, Կազայի քանդումը կը շարունակուի երկու օրէ ի վեր: Այս սպառնալիքները հազիւ թէ ազդեցութիւն կ’ունենան պաղեստինեան կողմին վրայ, որ այս անգամ որդեգրած է «խենթերն են գտնում հնար»-ին գործադրութեան գաղտնիքները:
Արձագանգները այլապէս աննախընթաց չեն: Իսրայէլի պաշտպանները «ահաբեկիչներ» հռչակած են պաղեստինեան այս խմբաւորումները, ամենայն սաստկութեամբ կը քննադատեն ու կը դատապարտեն զանոնք: Անոնք մոռցած են, որ տարիներ շարունակ, ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՊԵՏՈՒԹԻՒՆԸ շատ աւելի դաժան յարձակումներ գործած է պաղեստինցիներուն վրայ, ո՛չ միայն Կազայի, այլ նաեւ՝ Արեւմտեան ափին մէջ, պաղեստինեան աւաններ ու գիւղեր քար ու քանդ ըրած է, երկրագործներուն դաշտերն ու պարտէզները փճացուցած, հրոյ ճարակ դարձուցած է, քայլ առ քայլ յառաջ տարած է պաղեստինցիներու բնակավայրերը իւրացնելու քաղաքականութիւնը եւ անոնց իրաւատէր բնիկները բռնագաղթի ենթարկած է: Այդ բոլորը «քաղաքակիրթ եւ մարդկային իրաւունքներու պաշտպան» աշխարհին կողմէ դիտուած է լուռ մեղսակցութեամբ, երբեմն այդ աշխարհին աչքերը այդ կողմ իսկ չեն նայած: Իսկ երբ զոհ եղող կողմը քանիցս բիրտ ուժի դիմած է «ա՛լ կը բաւէ» բացագանչելով, «մարդասէրները» փութացած են ինքզինք պաշտպանողը յորջորջելու իբրեւ ահաբեկիչներ ու վայրագ արարածներ:
Պէտք է ընդունինք, որ բիրտ ուժը լուծումի չի հասցներ, ի՛նչ ալ որ ըլլան անմիջական հետեւանքներն ու արդիւնքները: Մէկ բան յստակ է ու անվիճելի: Հակամարտ երկո՛ւ կողմերուն քաղաքայինները կը վճարեն մեծագոյն տուրքը՝ կեանքով, ստացուածքով եւ այլապէս:
* * *
Միջազգային լրատու աղբիւրներէն տարածուող պատկերները նա՛եւ մեզի՝ հայերուս համար օտարոտի չեն, ինչպէս որ օտարոտի չեն անտարբերութեան ու շիլ-միականիութեան պտուղները, որ համտեսած ենք յաճախ, նաեւ այսօր:
Կազայի փողոցներուն եւ շէնքերուն վրայ տեղացած ծանր ռումբերը, արգիլեալ զէնքերով ռմբակոծումները ստեղծած են համայնապատկերներ, որոնք յար եւ նման են Արցախի 44-օրեայ պատերազմին ու անցեալ Սեպտեմբերի յարձակումի օրերուն ստեղծուած ողբերգական քանդումներուն: Այս պատկերները քով-քովի դնողը անմիջապէս կը հասնի մէկ եզրակացութեան. քանդումն ու սպանդը գործուած են երկուորեակ ոճրագործներու ձեռքերով:
Եւ սա զարմանալի ու տարօրինակ չէ. կարելի՞ է մոռնալ, որ Ատրպէյճանն ալ ծանր զէնքեր եւ արգիլեալ ռումբեր գործածեց արցախցիներուն դէմ, օգտագործեց նոյնինքն Իսրայէլի արտադրութիւն եղող զինատեսակներ, Ատրպէյճանի «մեծ եղբօր»՝ Թուրքիոյ կողմէ տրամադրուած «Պայրաքտար»ներ եւ ահաբեկչական ոճրածին խմբաւորումներ: Եւ երեւակայե՜լ, որ հիմա Թուրքիա ձեւով մը կը փորձէ պաղեստինցիներուն ի նպաստ կեցուածք խաղալ, ինչպէս ըրած է անցեալին:
Ինչ որ կը կատարուի Կազայի մէջ եւ պաղեստինցիներուն դէմ, պետական ոճիր է, ո՛չ աւելի, ո՛չ պակաս: Աննախընթաց չէ, ինչպէս որ աննախընթաց չեն թուրք-ազերիական պետական ոճիրները: Բայց… ոճրագործները կը թողուին անպարտ: Նման իրականութիւններու դիմաց, երկընտրանք չի կրնար ըլլալ. կարելի չէ համակրանք ունենալ ոճրագործ պետութիւններուն նկատմամբ (Երեւանի մէջ ալ կան դատարկամիտներ, որոնք հրապարակ նետած են «Հայաստան պէտք է ռէալ-փոլիթիքով շարժի»-ի կոյր-տեսութիւնը):
…Շատ կը խօսուի «աշխարհը դէպի նոր համակարգ կ’երթայ»-ի մասին: Նոր-ին մէջ արդարութիւնը որքա՞ն տեղ պիտի գրաւէ՝ որոշ չափով կախում ունի ներկայ անիրաւ համակարգին սեղանը տակն ու վրայ ընելու իրաւազրկեալներու կամքէն ու բազուկէն:
Ս. Մահսէրէճեան