Չեմ յիշեր ո՞ր տարին էր, երբ քաղաքական եւ զանազան հարցերու կողքին, այդ օրերու  Ֆրանսայի նախագահին գլխաւորութեամբ կազմակերպուած ֆրանսախօս երկիրներու համագումարը, իբրեւ մեծ մտահոգութիւն եւ ահազանգ, օրակարգի գլխաւոր նիւթ դարձուցած էր երկրէն ներս ֆրանսերէն լեզուի նուազ գործածութեան հարցը: Լեզուին նահանջը։
Ապա, իբրեւ լուրջ եւ նոյնքան ալ մտահոգիչ եւ տագնապալի հարց, օրուան կառավարութիւնը պատկերասփիւռի եւ ձայնասփիւռի կայաններէն, նաեւ երկրի լայնածաւալ մամուլի էջերէն, այս մտահոգութիւնը իր ժողովուրդին եւ համայն աշխարհին զգալի, լսելի  եւ տեսանելի դարձուցած էր:
Մտահոգութենէ աւելի մտատանջութիւն, որովհետեւ, ֆրանսացի լեզուագէտներու եւ լեզուաբաններու ուսումնասիրութիւններուն համաձայն, ֆրանսերէնը սկսած էր ապրիլ իր կեանքի ամէնէն տագնապալի օրերը: Մինչեւ 19-րդ դարու վերջերը, համայն աշխարհը հիացնող, զմայլեցնող այս լեզուն, նահանջի մէջ էր:
Այսպէս, օտար բառեր սկսած էին մուտք գործել մայրենի լեզուէն ներս ու այս ձեւով ըստ մասնագէտներու, ֆրանսերէնը իր հմայքը ո՛չ միայն փոխած էր, այլեւ նոյնիսկ կորսնցուցած: Ու նոյն այդ համաժողովին ներկայացուած տուեալներուն համաձայն, ֆրանսերէնը աշխարհի խօսուած լեզուներուն շարքին մէջ կորսնցուցած էր իր պատուաւոր, առաջնակարգ դիրքը։
Ահա մեծ մտահոգութիւն մը Ֆրանսայի նման մեծ ու պատմական երկրին:
-Եթէ այս ընթացքը շարունակուի, ո՛չ ոք մեզ մտիկ պիտի ընէ,և այսպէ՛ս…այդ ժողովի տեղակագիրը արձանագրած էր եւ աւելցուցած,- որովհետեւ, ֆրանսերէնը սկսած էր խօսուիլ օտար բառերու միջամտութեամբ:
Տեղակագիրը նաեւ յստակօրէն մատնանշումներ կատարած էր այդ օրերու ֆրանսախօս երկիրներէն Սենեկալի, Ալճերիոյ, Գանատայի, Պելճիքայի եւ ուրիշներու օրինակներուն:
Այսօր, Ֆրանսա կը հաւատայ, որ իր լեզուն արդի գիտութեան եւ մանաւանդ շատ յառաջացած ու զարգացած ճարտարարուեստին հետեւանքով իր ենթահողը սկսած էր կորսնցնել եւ տեղի տալ դիմացը այլ լեզուներու՝ անգլերէնի եւ ուրիշներու։
Այս բոլորը կրկին ու կրկին անգամներ կարդալէ եւ լսելէ ետք, իբրեւ գիտակից անհատներ յանկարծ մեր մտքին մէջ հարցում մը կը ծագի.
– Հապա մե՞նք…
Մե՛նք՝ հայրենի հողին վրայ կամ հո՛ն Սփիւռք կոչուած թափառական մեր կեանքին մէջ, մեր քանի՞ տոկոսը կը խօսի մեր լեզուն (արեւելահայերէն կամ արեւմտահայերէն) կամ քանի՞տարի ետք տակաւին այս ընթացքով պիտի խօսուի կամ պիտի շարունակէ խօսուիլ, մանաւանդ  մաքուր, սահուն եւ առանց օտար բառերու միջամտութեան, առանց աղաւաղումի: Այսինքն՝ առանց թրքերէնի, անգլերէնի, ֆրանսերէնի, ռուսերէնի, արաբերէնի կամ սպաներէնի միջամտութեան:
Եւ ո՞վ պիտի կարենայ այս մեծ ու սարսափելի եւ մանաւանդ ժամանակակից մտահոգութիւնը ժողովրդականացնել, ահազանգել ու համազգային մտահոգութեան վերածել եւ անշուշտ առաջքը առնել տալ: Ի՞նչ միջոցներով…որո՞ւ օգնութեամբ…ե՞րբ…:
Ըսէ՛ք, ո՞վ…: Անձնապէս տեղեակ չեմ:
Այսօր, Ֆրանսան աւելի քան 66 միլիոն իր բնակչութեամբ, իր հսկայութեամբ եւ հզօրութեամբ, իր փառաւոր անցեալով, աշխարհի քաղաքակրթութեան վրայ իր յատուկ ներկայութեամբ, եւ ներկայ աշխարհի պատմութեան մէջ վերցուցած իր մեծ դերով, մտահոգ է իր զաւակներուն խօսած լեզուով, իր գալիք նոր սերունդի խօսած մայրենիով, անոր մաքրութեամբ, սահուն արտայայտմամբ ու որակով:
Այսօ՛ր Ֆրանսան մտահոգ է…իսկ մե՞նք…:
Անգամ մը նայեցէ՛ք այս աշխարհի վրայ բացուած այն պատուհանէն, ուրկէ կարելի է տեսնել կամայ թէ ակամայ ստեղծուած հայ սփիւռքները: Մենք զմեզ չխաբենք:
Միւս կողմէ սակայն, չենք կրնար մոռնալ, ջուրը թափել, կամ ուրանալ աշխարհի տարածքին մեր միութիւններու, կազմակերպութիւններու, դպրոցներու եւ հոգեւոր կամ այլ հաստատութիւններու գերագոյն այն ճիգերը, որոնցմով կը փորձուի ներկայ մտահոգութիւնները թեթեւցնել: Չենք կրնար անտեսել անոնց՝ մեր նոր սերունդը փրկելու ճիգերը: Զիրենք մտքով եւ նոյնքան ալ հոգիով հա՛յ պահելու աշխատանքները:  Բայց այնպէս կ’երեւի որ այս «բոլորը» բաւարար չեն: Տեսանելի է, մեր դէմ վազող հսկայ հոսանքն ու անոր ահռելի ուժգնութիւնը: Խօսքս բացառութիւններու մասին չէ:
Նաեւ պէտք է լաւ գիտնալ, որ բացառութիւններով կարելի չէ ազգ մը պահել: Սակայն նաեւ  յստակօրէն կը տեսնենք, որ մեր զաւակը իր կեանքի առաջին չորս-հինգ տարիներուն, երբ մեր անմիջական շրջապատին մէջ է, հպարտ ենք իրմով, իր սորված եւ արտայայտուած կամ խօսած հայերէնով, իր արտասանած «հայ եմ ես… քաջ Վարդանի թոռն եմ ես»-ով: Բայց, հետագային, երբ կամաց-կամաց տարիքի եւ պայմաններու բերումով, դպրոց, փողոց, տեսակաւոր օտար ընկերներ եւ շրջանակ, հեռատեսիլ, «ելեկտրոնային խաղեր», «այ ֆօն» եւ «այ փատ» կը մտնեն իր կեանքէն ներս, արդէն իսկ իր մայրենի լեզուն ինքնաբերաբար ազդուած կ’ըլլայ, նախկին սահունութիւնը կորսնցուցած, ոտնակոխուած, գրեթէ անտեսուած:
Յիշենք…Ֆրանսա մտահոգ է եւ կը փորձէ պայքարիլ ու կասեցնել իր մայրենի լեզուին աղաւաղումը՝ իր նոր սերունդի բերնին մէջ: Իսկ մեր պատկերը տխուր է…որովհետեւ ցաւ ի սիրտ, մեզմէ շատ-շատեր տակաւին չեն կրցած ըմբռնել ստեղծուած աղէտ-վտանգին մեծութիւնը:
Արդեօք ժամանակը հասած չէ՞ որ մեր կարգին մենք ալ հայախօսութիւնը ազգային արժանապատուութեան չափանիշ համարենք:
Դո՛ւք եւ ձեր խիղճը…
Գէորգ Պետիկեան