Թրքագէտ Վարուժան Գեղամեան կը յայտնէ, որ Էրտողան Երկուշաբթի օրուան իր ելոյթին կրկին հնչեցուցած է Հայաստանին ուղղուած պահանջ-նախապայման:
«Կ’ակնկալենք, որ Հայաստանի կառավարութիւնը յառաջիկային կ’որդեգրէ խաղաղութեան, ապահովութեան՝ բարօրութեան ձգտող քաղաքականութիւն։ Կ’ուզեմ կրկնել, որ եթէ այդպէս ըլլայ, Հայաստան պահէ իր տուած խոստումները, մասնաւորապէս՝ «Զանգեզուրի միջանցքի» բացումը, պատրաստ ենք Հայաստանի հետ քայլ առ քայլ զարգացնել մեր յարաբերութիւնները։ Իսկ Իրանի կառավարութեան կ’ուղղենք միանալ այս պատմական նախագիծին»։
Գեղամեան երեք եզրակացութիւն արձանագրած է այս խօսքէն.
1-Հայաստանի տէ-ֆակտօ իշխանութիւնը  2020-ին խոստացած է բանալ միջանցք։ Ճիշդ այս «խօսքը պահելու» մասին անդադար կը յիշեցնէ  Էրտողան։
2- Թուրքիան ոչ մէկ պարագայի պիտի չբարելաւէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները։ Ան պիտի օգտագործէ այդ խայծ-նիւթը՝ Հայաստանէն «քայլ առ քայլ» նոր կարեւոր զիջումներ խլելու համար։
3-  Իրան կը շարունակէ մնալ Սիւնիքով թուրանական միջանցքի դէմ միակ իրական գործօնը։ Այս է պատճառը, որ վերջին շրջանին թուրք-ատրպէյճանական երկեակը կը փորձէ ամէն գնով մեղմացնել իրանական դիրքորոշումը։
Այս պատկերին լոյսին տակ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան Երեքշաբթի օր պիտի այցելէր բռնագրաւուած Շուշի, իսկ Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զ. Հասանով հրամայած է զօրացնել Հայաստանի հետ ռազմաճակատի գիծին ծառայութիւնը։ Պաղեստինա-իսրայէլեան պատերազմին լոյսին տակ, մեր տարածաշրջանին մէջ կրնան զարգանալ ամենածայրայեղ իրադարձութիւնները»։