Ռուսիոյ նախագահի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով յայտնած է, որ Արցախի մէջ ռուս խաղաղապահներուն հետագայ ճակատագիրը պիտի քննարկուի Ատրպէյճանի հետ։

Միեւնոյն ատեն ան յայտնած է, որ Հայաստանի հետ շփումները պիտի շարունակուին։

«Ղարաբաղի մէջ ռուս խաղաղապահներուն հարցը Երեւանի հետ պիտի չքննարկուի, ատիկա փաստօրէն Ատրպէյճանի տարածքն է», աւելցուցած է ան։