Ուրախութեամբ կը յայտնենք, որ քուէթաբնակ հալէպահայ բարերար Կիրակոս Գույումճեան նախորդ տարիներուն նման, այս տարի եւս «Ներսէս Շնորհալի» ուսումնական մրցանակով պիտի պարգեւատրէ պաքալորիայի պետական լրացուցիչ քննութիւններուն Հալէպահայ վարժարաններուն մէջ առաջին երեք բարձրագոյն նիշերը ապահովող հայ ուսանողները:

Մրցանակաբաշխութիւնը տեղի պիտի ունենայ ձեռամբ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Եպս. Աշգարեանի, Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, յետ Սրբոց Թարգմանչաց տօնին նուիրուած Սուրբ եւ Անմահ Պատարագին, Ազգ. Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս։

Մրցանակաբաշխութեան կրնաք հետեւիլ ուղիղ սփռումով «Գանձասար» պաշտօնաթերթի դիմատետրի էջէն։