Սրբոց Թարգմանչաց վարդապետներուն տօնը, հայ ժողովուրդին ինքնութիւնը հաստատող եւ նոր մարտահրաւէրներուն դիմաց զգաստութեան եւ արթնութեան հրաւիրող նուիրական տօներէն մէկն է։
Արդարեւ, հանդիսապետութեամբ՝ Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Ս. Եպս. Աշգարեանի, Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի աշակերտները Սուրբ եւ Անմահ Պատարագով ոգեկոչեցին Սրբոց Թարգմանչաց տօնը, Շաբաթ, 14 Հոկտեմբեր 2023-ի առաւօտուն, հայակերտումի դարբնոց Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի շրջափակէն ներս, ներկայութեամբ՝ Ազգային Վարչութեան անդամներ երկրչփ. Յարութ Աւընեանի եւ տիար Արմէն Գասպարեանի, թեմի հոգեւորականաց դասուն, Ճեմարանի խնամակալութեան, տնօրէնութեան, ուսուցչական կազմին եւ աշակերտներուն։
Պատարագ մատուցեց եւ յաւուր պատշաճի քարոզեց Հոգշ. Տ. Արմէն Աբղ. Գալաճեան։
Անդրադառնալով հայ գիրերու գիւտին եւ թարգմանչաց շարժումին, Հայր Սուրբը դիտել տուաւ, որ թարգմանիչ վարդապետները, հակառակ տիրող դժուարին կացութեան, հետեւողական աշխատանքով եւ ջերմեռանդ աղօթքով կարողացան իրենց լաւագոյնը կատարել պահպանելու համար հայկական ինքնութիւնը, մեզի կտակելով հայ ժողովուրդի գոյատեւման համար հարկաւոր ամէնէն ազդու եւ հզօր զէնքերէն մէկը՝ հայոց Այբուբենը:
Հայր Սուրբը անհրաժեշտ նկատեց խօսքերէն եւ լոզունքներէն անդին գործօն մասնակցութեամբ կառչիլ մեր ազգային բարքերուն, աւանդութիւններուն եւ լեզուին:
«Թարգմանիչները մեր ազգի համայն զաւակներուն ապահովեցին հայ ժողովուրդին յաւերժութիւնը։ Աստուածաշունչի թարգմանութեամբ հայ ժողովուրդը սկսաւ Աստուծոյ հետ իր մայրենի լեզուով խօսիլ եւ աղօթել», հաստատեց ան:
Խօսքը ուղղելով աշակերտներուն, Հայր Սուրբը ըսաւ. «Դուք էք մեր ապագայ սերունդը, հայերէն լեզուի իւրաքանչիւր տառը, մեր մշակոյթը, լեզուն, գիրն ու գրականութիւնը պահողները: Օտարը կու գայ եւ կը փորձէ լեզուն ոչնչացնել, սակայն դուք եւ բոլորս զանիկա պիտի անմահացնենք»։ Հետեւաբար, ան պատուիրեց ուսանողներուն, որ հմուտ դառնան հայերէն լեզուի գործածութեան, հայ մշակոյթի ռահվիրաներ եւ հայ ազգի պահապաններ ըլլան։

Պատարագէն ետք, Հոգեհանգստեան պաշտօն կատարուեցաւ, ի յիշատակ Ազգ. Քարէն Եփփէ Ճեմարանի հիմնադիրներուն՝ երջանկայիշատակ Զարեհ Ա. Կաթողիկոսին եւ օրդ. Քարէն Եփփէին։
Աւարտին, աշակերտները եւ բոլոր ներկաները ուղղուեցան դէպի Ազգ. Գերեզմանատուն, ուր ծաղկեպսակներ զետեղեցին օրդ. Քարէն Եփփէի եւ մեծանուն գրող Յակոբ Օշականի շիրիմներուն վրայ եւ մոմավառութիւն կատարելով աղօթեցին հայոց հայրենիքին՝ Հայաստանի խաղաղութեան եւ հայ ժողովուրդի բարօրութեան համար։