Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, որ Կիրակի, 15 Հոկտեմբեր 2023-ին, Անթիլիասի Մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Մայր Տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ Անմահ Պատարագ՝ Թարգմանչաց Վարդապետաց տօնին եւ Անթիլիասի Դպրեվանքի 93-րդ կրթական-ուսումնական տարեշրջանի բացման առիթներով։

նախագահութեամբ
Ն.Ս.Օ.Տ.Տ. ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍին

պիտի պատարագէ ու քարոզէ
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(տեսուչ Դպրեվանուց)

Ս. Պատարագի մատուցումէն ետք, Վեհարանի դահլիճին մէջ, նախագահութեամբ Նորին Սրբութեան, տեղի պիտի ունենայ Դպրեվանքի 93-րդ տարեշրջանի բացման հանդիսութիւնը, որուն աւարտին Վեհափառ Հայրապետը պիտի փոխանցէ իր Հայրապետական պատգամը։

Կոչ կ՚ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցելու թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ ներկայ գտնուելու Դպրեվանքի վերամուտին հանդիսութեան։

ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ