12 Հոկտեմբերին Հրապարակ TV-ի «Հինգշաբթի» հաղորդաշարի հիւրն էր մամուլի գործիչ, հրապարակախօս Վաչէ Բրուտեան: Ան անդրադարձած է տասնամեակներ երկարող արաբա-իսրայէլական հակամարտութեան պատմութեան ու առանձնայատկութիւններուն, ինչպէս նաեւ վերջին օրերուն բռնկած պաղեստինա-իսրայէլական զինեալ բախումներուն: Այս հակամարտութիւնը երբեք պիտի չի լուծուի, քանի տակաւին չլուծուած կը մնան իրենց անկախութեան ու ազատութեան համար պայքարող պաղեստինցիներու արդարացի պահանջները՝ յայտնած է Վաչէ Բրուտեան։ Անոր կարծիքին համաձայն, բոլոր ազգերու միջազգային իրաւունքները պաշտպանող առանձին գերտէրութիւններ տասնամեակներ շարունակ երկակի չափանիշներ կիրառած են այս հարցի կարգաւորման գործընթացին: Նոյնը կը կատարուի նաեւ այս օրերուն՝ ըսած է Վաչէ Բրուտեան: Ան զուգահեռներ կատարած է նաեւ Արցախի եւ Պաղեստինի նկատմամբ համապատասխանաբար՝ Ատրպէյճանի եւ Իսրայէլի վարած քաղաքականութիւններուն միջեւ՝ նշելով, որ Արցախի հարցով նոյնպէս մենք ականատես եղանք միջազգային հանրութեան երկակի մօտեցումներուն:
Մամուլի գործիչը անդրադարձած է նաեւ հարցի արծարծման համար հայկական լրատուութեան միջոցներու դերակատարութեան: Անոր կարծիքին համաձայն, հայկական լրատուամիջոցները յաճախ կը կրկնեն եւ այդ ձեւով կը թիրախաւորեն ժողովուրդներու ազատ կամքի վրայ բռնացող տէրութիւններու քարոզչութիւնն ու բառապաշարը, իրականութիւնը կը ներկայացնեն բուն բնանաբանէն կտրուած, մինչդեռ նման պարագային պէտք է հանդէս բերել Հայաստանի շահերէն բխող մօտեցումներ: