ՀՀ նախկին Մարդկային Իրաւունքներու Պաշտպան Արման Թաթոյեան դիմատետրի իր էջին վրայ գրած է. «Յստակ է չէ՞, որ Ատրպէյճանի կողմէն մարդկային վերաբերմունք ակնկալել առեւանգուած մեր քաղաքացիներուն նկատմամբ, բացառուած է: Անոնց համար Հայաստանի ու Արցախի իւրաքանչիւր բնակիչ այն նոյն «մեղադրանքը» կրողն է ու «ձերբակալման» ենթակայ անձը, ինչ որ պատահեցաւ անմարդկային վերաբերմունքի «արժանի» 68-ամեայ Վագիֆ Խաչատրեանին»:
«Հիմա ցինիկ դիտաւորութեամբ հրապարակած են անօգնական վիճակի մէջ գտնուող մարդու տատապանքը պատկեռացնող այդ հոգեվիճակը, յուսահատութիւնը անոր ընտանիքին, հայ հասարակութեան մէջ տարածելու համար: Ակնյայտ է, թէ ինչ պայմաններու մէջ Վագիֆ Խաչատրեանը կը գտնուի այս 4 ամիսներու ընթացքին հեռու ընտանիքէն, հայրենիքէն, վախի մթնոլորտի մէջ, ատրպէյճանական գերութեան մեջ դատապարտուած տառապանքներով:
Ասիկա է այն պատկերը, որուն մէջ յայտնուած ենք մենք, եւ սա այն ցաւալի իրավիճակն է, որուն մեղաւորները, ցաւօք, իրենց մեղաւոր չեն համարեր։
Պէտք էր ամէն ինչ ընէինք, որ Վագիֆ Խաչատրեանն ու մեր միւս հայրենակիցները չյայտնուէին ատրպէյճանական գերութեան մէջ, չըլլային այսպիսի նուաստացած վիճակի մէջ, որ Ատրպէյճանն ալ այսպիսի հրճուանք չապրէր: Հայաստանի քաղաքացին, հայը պէտք է զգայ Հայաստանի պետութեան պաշտպանութիւնը:
Քանի տակաւին Հայաստանի գիւղերուն ու քաղաքներուն հարեւանութեամբ, ճանապարհներուն կան ատրպէյճանական զինեալ ծառայողներ, մեր քաղաքացիներուն պիտի շարունակեն վտանգի ենթարկել:
Անոնց յանցաւոր արարքները պիտի շարունակուին, քանի որ պիտի շարունակուի ատրպէյճանական իշխանութեան ցեղասպան քաղաքականութիւնը, ինչպէս նաեւ պատախանատուութեան բացակայութիւնը»: