Արցախը մեր հայրենիքի անբաժան մասն է, որ թշնամիին կողմէ բռնագրաւուելէն առաջ օտարացած եւ Ատրպէյճանի մաս յայտարարուած էր ՀՀ «իշխանութեան» կողմէն։
Այդուհանդերձ, ի հեճուկս Ալիեւին եւ Նիկոլին, Արցախի էջը փակուած չէ։
Համակերպուիլ Արցախի կորուստին հետ, հրաժարիլ մեր սերունդներու անօտարելի իրաւունքներէն կը նշանակէ մասնակիցը ըլլալ թշնամիի ծրագիրներու իրագործման, յանցակից դառնալ Նիկոլ Փաշինեանին։
Ըստ այդմ,
– միջազգային, տեղեկատուական բոլոր մակարդակներով պէտք է փաստել, որ տեղի ունեցած է ցեղային զտում, ցեղասպանութիւն,
– Արցախի պետական հիմնարկները՝ Նախագահ, Ազգային Ժողով եւ այլն, պէտք է պահպանուին եւ գործեն,
– արցախահայութեան քաղաքական, ընկերային, աշխատանքային եւ մնացած բոլոր իրաւունքները ՀՀ֊ի մէջ պէտք է պաշտպանուած ըլլան։
Գերութեան մէջ գտնուող Արցախի ղեկավարութեան եւ այլ անձերու հայրենիք վերադարձնելու համար պէտք է ձեռնարկել գործուն քայլեր։
Այս ուղութիւններով իրականացուող աշխատանքները գերակայ են եւ կը հանդիսանան մեր ամէնօրեայ գործունէութեան կարեւոր մասը։ Բայց այդ աշխատանքը աւելի համակարգուած յառաջ տանելու հարց ունինք։
Միևնոյն ատեն անգամ մը եւս կը պնդենք, որ ի դէմս ՀՀ օրուան «իշխանութեան»՝ թշնամին ներկայացած է նաեւ երկրի ներսը։ Անոր հետեւանքով ՀՀ֊ այսօր կը շարունակուի Արցախի պետականութեան կործանման, արցախահայութեան տարրալուծման, ոչնչացման, հայրենազրկման անդառնալի ու վերջնական դարձնելու գործընթաց֊ծրագիրը։

Իշխան Սաղաթէլեան
ՀՅԴ Հայասատնի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ, ՀՀ ԱԺ «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր