168.am-ի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին Արցախի Ազգային Ժողովի «ՀՅ Դաշնակութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր, արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Վահրամ Բալայեան խօսելով Պաքուի մէջ կալանաւորուած մարդոց ճակատագիրին ու հայրենիք վերադարձնելու ճանապարհներուն մասին ըսաւ, որ ամէն ինչ պէտք է կատարուի՝ զիրենք գերութենէն ազատելու համար։
Բազմաթիւ հայերու հետ, այս պահուս ատրպէյճանական գերութեան մէջ են նաեւ Արցախի նախկին նախագահները, նախկին պետական նախարարն ու արտաքին գործոց նախարարը, պաշտպանութեան բանակի նախկին հրամանատարը տեղակալն ու Արցախի Ազգային Ժողովի նախագահը։ Բազմաթիւ արցախցիներու վկայութեամբ, նախկին նախագահները, Ազգային Ժողովի նախագահը, Պաշտպանութեան Բանակի նախկին հրամանատարը բազմաթիւ կարելիութիւններ ունեցած են 19 Սեպտեմբերին յաջորդող օրերուն անմիջապէս դուրս գալու Արցախէն, սակայն անոնք յայտարարած են, որ ամենավերջինը դուրս պիտի ելլեն՝ ժողովուրդէն վերջ, հետեւաբար գերեվարուած են։ Նախկին արտաքին գործոց նախարար Դաւիթ Բաբայեան 28 Սեպտեմբերին ինքնակամ ներկայացած էր իրաւապահ մարմիններուն Ատրպէյճանի բռնագրաւուած Շուշի քաղաքին մէջ:
Նախկին պետական նախարարին եւ Պաշտպանութեան Բանակի հրամանատարի նախկին տեղակալին ատրպէյճանական կողմը առեւանգած էր Հաքարիի կամուրջի անցակէտէն։
Արցախի նախկին բոլոր պաշտօնեաներուն Պաքուի մէջ առաջադրուալ շինծու մեղադրանք, անոնք քանի մը ամիսով կալանաւորուած են։

«Բնականաբար, պէտք է ե՛ւ Ատրպէյճանին հետ բանակցուի, ե՛ւ միջնորդներուն, որպէսզի այդ հարցին լուծում տրուի։ Անշուշտ , որոշակի բաներ կատարուած են, արդիւնքը, տեսնենք՝ ինչ պիտի ըլլայ։
Սփիւռքի մէջ եւս աշխատանք կատարուած է, սակայն ամբողջ հարցը այն է, որ Ատրպէյճան չի իրականացներ միջազգային կառոյցներու կայացուցած որոշումներն ու չ’ենթարկուիր ճնշումներուն։
Սա ծանր աշխատանք է եւ դժուարին, բայց պէտք է այդ աշխատանքը կատարուի», նշեց Վահրամ Բալայեան։
Ան յիշեցուց, որ 2020 թուականի Արցախի 44-օրեայ պատերազմէն վերջ հարիւրաւոր գերիներ հայրենիք չվերադարձան, միջազգային այս կամ այն կառոյցը որոշում կայացուց գերիները վերադարձնելու համար, միեւնոյն է՝ Ատրպէյճան չենթարկուեցաւ։