Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը դատապարտած է Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի (ԵԽԽՎ-ի) որդեգրած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարդասիրական կացութիւնը» բանաձեւը:

«Մենք վճռականօրէն կը մերժենք եւ խստօրէն կը դատապարտենք Եւրոպական Խորհուրդի Խորհրդարանական Վեհաժողովի 2023 թուականի Հոկտեմբեր 12-ի թիւ 2517 (2023) բանաձեւը եւ թիւ 2260 (2023) խորհրդատուութիւնը: Այս կառոյցը անգամ մը եւս ցուցադրած է Ատրպէյճանի նկատմամբ անաչառ մօտեցում ցուցաբերելու անկարողութիւնը», յայտարարած է Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը` աւելցնելով, որ ԵԽԽՎ-ն կը շարունակէ «անհիմն խօսակցութիւններու եւ շրջանի որոշ երկիրներու նենգ քաղաքականութեան» վրայ հիմնուած մօտեցում ցուցաբերել` Ատրպէյճանը նսեմացնելու համար:

Ըստ Պաքուի, փաստաթուղթը «ակնյայտօրէն կը հակասէ Եւրոպական Խորհուրդի հիմնական որոշումներուն եւ փաստաթուղթերուն: Աւելի՛ն, ինչպէս կը պնդէ Պաքու, «հակաահաբեկչական գործողութեան յանգեցուցած իրադարձութիւններու խեղաթիւրուած մեկնաբանութիւնն ու Ատրպէյճանի կողմէ մարդասիրական օրէնքի յարգումն ու տեղւոյն հայ բնակչութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար ձեռնարկուած քայլերու անտեսումը կը վկայեն Ատրպէյճանի նկատմամբ ԵԽԽՎ-ի երկարաժամկէտ կանխակալ վերաբերմունքի մասին»:

«ԵԽԽՎ-ի անհիմն պնդումները Լաչինի ճամբով վերջին տասը ամիսներու ընթացքին տեղաշարժելու վերաբերեալ եւ Արդարադատութեան Միջազգային Դատարանի համապատասխան որոշումներու սխալ մեկնաբանութիւնը` նոյն ատեն անտեսելով անոր 2023 թուականի Յուլիս 6-ի որոշումը, որ միաձայնութեամբ մերժած էր Լաչինի շրջափակման վերաբերեալ Հայաստանի հայցերը, անընդունելի են: Աւելի՛ն, շուրջ 4000 անհետ կորած ատրպէյճանցիներու ճակատագիրի վրայ լոյս չսփռելը, ականներու սպառնալիքը, որ 44-օրեայ պատերազմէն ետք զոհերու թիւը հասցուց 333-ի, եւ նախապէս բռնագրաւուած ատրպէյճանական տարածքներուն մէջ արձանագրուած աւերներու չափը խորապէս մտահոգիչ են», արձանագրուած է հաղորդագրութեան մէջ:

Պաքուի պնդումով` «ԵԽԽՎ-ն պաշտպանելով հայերու իրաւունքները գոյութիւն չունեցող սպառնալիքներէն, կ՛անտեսէ Հայաստանէն վտարուած ատրպէյճանցիներու իրաւունքներու վերականգնման եւ արժանապատիւ վերադարձի կոչերը»:

Ատրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը յայտարարած է, որ ԵԽԽՎ-ն պէտք է «դադրեցնէ Ատրպէյճանի դէմ ուղղուած անհիմն եւ կանխակալ քայլերը», որոնք «կը խաթարեն Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան ջանքերու հեռանկարները»:

«Միեւնոյն ժամանակ, Եւրոպական խորհուրդի մեքանիզմները Ատրպէյճանի դէմ օգտագործելու անհեռատես փորձերը ամբողջովին հակաարդիւնաւէտ են եւ չեն կրնար խաթարել Ատրպէյճանի վճռականութիւնը` շարունակելու գործել շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան ապահովման եւ Ատրպէյճանի Ղարաբաղի շրջանի հայ բնակչութեան վերահամարկման ծրագիրներու յառաջմղման ուղղութեամբ», ըսուած է Արտաքին Գործոց Նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ: