Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհին 11-րդ օրը 2837 նահատակ, 12000 վիրաւոր եւ բնակարաններու, ենթակառոյցներու ահաւոր վնասներ արձանագրուեցան։

Պաղեստինեան լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան օդանաւերը Ռաֆըհի եւ Խան Իւնէսի մէջ հրթիռակոծեցին բնակելի շէնքեր, որուն հետեւանքով աւելի քան 70 նահատակ եւ հարիւրաւոր վիրաւորներ արձանագրուեցան։

Իսրայէլեան օդանաւերը հրթիռակոծեցին նաեւ Կազզայի Տէր Պալահ եւ Նասր թաղամասերուն մէջ բնակարաններ, որուն հետեւանքով քաղաքացիներ զոհուեցան եւ վիրաւորներ արձանագրուեցան։