Սուրիոյ նախագահ Պաշշար ալ-Ասատ եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեամբ խորհրդակցեցան Կազզայի դէմ իսրայէլեան գրոհը կասեցնելու միջոցներուն շուրջ։
Նախագահները շեշտեցին Կազզայի քաղաքացիներուն մարդասիրական օգնութիւններ հասցնելու անհրաժեշտութիւնը, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի իրագործած հրթիռակոծման ու բռնագաղթի դադրեցումը։