Սուրիոյ Նախագահութիւնը հանդէս եկաւ հետեւեալ հաղորդագրութեամբ. «Կազզայի Մաամատանի հիւանդանոցին դէմ Իսրայէլի գործած ոճիրը դարուս մարդկութեան դէմ իրագործուած ամենավայրագ ոճիրներէն մէկն է։ Սուրիոյ Հանրապետութիւնը Կազզայի մէջ հարիւրաւոր անմեղ քաղաքագիներու սպանդը ցեղասպանութիւն կը համարէ։
Այս սպանդը մեզ կը վերյիշեցնէ Իսրայէլի այն ոճիրները, որոնք հիմնուած են ցեղասպանութեան ծրագրաւորման վրայ։
Սուրիոյ Հանրապետութեան Նախագահութիւնը արեւմտեան պետութիւնները, յատկապէս ԱՄՆ պատասխանատու կը համարէ այս ոճիրին, որովհետեւ ան Իսրայէլի իւրաքանչիւր ռազմական գործողութեան մեղսակիցն է»։