Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները հեռաձայնային զրոյց ունեցած են։Ըստ Հայաստանի Արտաքին Գործոց Նախարարութեան, զրոյցը կայացած է իրանական կողմի նախաձեռնութեամբ։
Արարատ Միրզոյեանն ու Հոսէյն Ամիր Աբտոլլահիան խօսած են երկու երկիրներու ղեկավարներու մակարդակով քննարկուած ուղղութիւններու եւ ձևաչափերու փոխգործակցութեան, ինչպէս նաեւ հայ-իրանական երկկողմ օրակարգի յառաջ մղելու ուղղութեամբ աշխատանքներուն մասին:
Անոնք նաեւ միտքեր փոխանակած են Հարաւային Կովկասի եւ Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին շուրջ: