ՀՅԴ Հայ Դատի Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի, Հարաւային Ամերիկայի եւ Աւստրալիոյ յանձնախումբերու ու գրասենեակներու ներկայացուցիչները 14 եւ 15 Հոկտեմբերին հաւաքուած էին Ուաշինկթընի մէջ` վերանայելու Արցախի եւ Հայաստանի Հանրապետութեան շուրջ ստեղծուած իրավիճակին մէջ իրենց մարտավարական առաջնահերթութիւններն ու քննարկելու ընթացիկ աշխատանքները: Խորհրդաժողովի շրջանակներուն մէջ 14 Հոկտեմբերին տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ, ՀՅԴ Հայ Դատի կեդրոնական խորհուրդի նախագահ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանը:
«Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան համար ոչ մէկ ձեւով այս ճակատագիրը ընդունելի է: Կորսուածը` ճակատամարտն էր, իսկ պատերազմը եւ պայքարը կը շարունակուին: Մենք նահանջել չենք գիտեր», ըսած է Տէր Խաչատուրեան:
Իր ելոյթին մէջ ան ընդգծած է ստեղծուած աղէտալի իրավիճակին մէջ հայ ժողովուրդի իրաւունքներուն համար պայքարը նոր ուժով ու նոր շեշտաւորումներով շարունակելու կարեւորութիւնը: