Պաքու քննադատած է Հոլանտայի խորհրդարանի որոշումը, որով օրէնսդիրը Թագաւորութեան գործադիր մարմնին կոչ ուղղած է դրական արձագանգելու Հայաստանի սպառազինութեան օգնութիւն տրամադրելու խնդրանքին։ Հոլանտայի Ներկայացուցիչներու պալատը նման որոշում ընդունած է նախօրէին։
Հոլանտայի հայկական կազմակերպութիւններու դաշնութեան փոխանցումով՝ հոլանտացի պատգամաւորները կառավարութենէն պահանջած են յստակեցնել, թէ աւելի քան 9 ամիս տեւած շրջափակումէն եւ Ատրպէյճանի զինեալ ուժերու յարձակումէն վերջ Լեռնային Ղարաբաղէն հայերուն արտագաղթը կը մտնէ՞ ցեղային զտումներու սահմանումին տակ։