ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, որ աշխատանքային այցելութեամբ կը գտնուի Պրիւքսէլ, Եւրոպական Միութեան խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեցոլայի հետ հանդէս կու գայ միացեալ յայտարարութիւններով:

Ռոպերթա Մեցոլա յայտնած է. «Անվերապահ աջակցութիւն կը յայտնեմ Հայաստանի անկախութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ սահմանային անխախտելիութեան։

«Մեր ուշադրութիւնը պէտք է կեդրոնացնենք ազնիւ եւ արդար խաղաղ բանակցութիւններուն վրայ, կոչ կ’ուղղենք յարգելու հայերու իրաւունքներն ու անվտանգութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ։

Միջազգային հանրութեան գործուն մասնակցութիւնը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ բնակող հայերու համար միջազգային երաշխիքները կրնան օգնել խաղաղութեան ու հաշտեցման։ Մենք հաւատարիմ կը մնանք բոլոր այն ջանքերուն, որոնց նպատակն է ՀՀ-ի ու Ատրպէյճանի յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ հիմք ունենալով ՀՀ-ի ու Ատրպէյճանի անկախութեան, սահմաններու անխախտելիութեան եւ տարածքային ամբողջականութեան ճանաչումը»։