Թուրքիոյ խորհրդարանի գլխաւոր նիստին ընդունուած է նախագահ Էրտողանի ստորագրութեամբ յուշագիրը, ուր կը նշուէր, որ  Իրաք եւ Սուրիա զօրք ղրկելու ժամկէտը կ’երկարաձգուի երկու տարիով եւս։
Յուշագիրին մէջ յատկապէս կը նշուի, որ Թուրքիոյ հարաւային, ցամաքային սահմաններու ազգային ապահովութեան սպառնացող վտանգներն ու սպառնալիքները կը շարունակեն աճիլ։
Կը նշուի, որ Թուրքիա մեծ նշանակութիւն կու տայ դրացի Իրաքի տարածքային ամբողջականութեան, ազգային միասնութեան՝ կայունութեան պահպանման։
Յուշագիրին մէջ կը նշուի նաեւ, որ Թուրքիոյ կողմէ ահաբեկչական համարուող Իրաքի քրտական կազմակերպութեան եւ ՏԱՀԷՇ  խմբաւորման տարրերու շարունակական գոյութիւնը, ցեղային հիմքերով անջատողականութեան նախաձեռնութիւնները ուղիղ սպառնալիք են տարածաշրջանային խաղաղութեան, կայունութեան՝ Թուրքիոյ անվտանգութեան համար։
Իսկ Սուրիոյ Թուրքիոյ հետ հարող տարածքներուն քրտական շարժումները սպառնալիք են Թուրքիոյ ապահովութեան:
Բացի ատկէ կ’ընդգծուի, որ վերոնշեալ յուշագիրը կենսական նշանակութիւն ունի Թուրքիոյ ազգային անվտանգութեան համար։