Տեղի ունեցած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի եւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Թուրքիոյ նախագահի աշխատակազմի հասարակութեան հետ կապերու բաժինը:
Զրոյցի ընթացքին պետութիւններու ղեկավարները քննարկած են Իսրայէլի եւ Պաղեստինի տագնապի  ընթացքը, ատոր դադրեցման ուղիները եւ շրջանին մէջ մարդասիրական կարիքները բաւարարելու կարելիութիւնը:
Էրտողան ըսած է, որ իրեն կը մտահոգեն քաղաքային բնակավայրերու վրայ կատարուած յարձակումները:
Թուրքիոյ նախագահը ընդգծած է, որ իր երկիրը պիտի փորձէ կարելին ընել շրջանին մէջ խաղաղութիւն ապահովելու համար: