ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
– Սուրիոյ աղջկանց պասքեթի հաւաքականի խաղացող Ալիսիա Մակարեան երկու տարուան պայմանագիրով միացաւ Լաթաքիոյ Հըթթին խումբին: Սուրիոյ պասքեթի վերջին տարիներու լաւագոյն մարզուհի Ալիսիան, որ իր մարզական կեանքը սկսաւ Հալէպի ՀՄԸՄ-ի կազմին հետ, մաս կազմած է նաեւ Դամասկոսի Ուահտէ եւ Սաուրա ակումբներուն եւ անոնց հետ տիրացած է Սուրիոյ ախոյեանութեան, ինչպէս նաեւ ընտրուած է արաբական երկրի լաւագոյն մարզուհի:
– Սուրիոյ պասքեթի հաւաքականի եւ Ուահտէ ակումբի պասքեթի խաղացող Օմար Իտլիպի քանի մը ամիսներով պիտի բացակայի մրցումներէն, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցած բարեկամական մրցաշարքի մը ընթացքին ծանր վնասուածք մը կրելուն պատճառով:
ՀԱՅԿԱԿԱՆ
ՆԱՐԵԿ ՄԻՆԱՍԵԱՆ ԱՐԺԱՆԱՑԱՒ ՈՍԿԷ ՄԵՏԱԼԻ
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ Նարեկ Մինասեան դարձաւ Եւրոպայի գաւաթի անդրանիկ խաղարկութեան ոսկէ մետալակիր:
Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ ընթացող Եւրոպայի գաւաթի խաղարկութեան 92 քկ. ծանրութեան կարգի եզրափակիչին Մինասեանի մրցակիցն էր Իտալիոյ Ազիզ Ապպա Մուհիըտտինը: Իտալացի բռնցքամարտիկը վնասուածքի պատճառով չներկայացաւ մենամարտի  ու յաղթանակը շնորհուեցաւ հայ մարզիկին։
ԲՌՆՑՔԱՄԱՐՏԻԿ ՌԱՖԱՅԷԼ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆ ԴԱՐՁԱՒ ԵՒՐՈՊԱՅԻ ԳԱՒԱԹԻ ՊՐՈՆԶԷ ՄԵՏԱԼԱԿԻՐ
Հայաստանի բռնցքամարտի հաւաքականի անդամ Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան դարձաւ Եւրոպայի գաւաթի պրոնզէ մետալակիր: «Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ ընթացող առաջնութեան կիսաեզրափակիչ մենամարտին 86 քկ. ծանրութեան Ռաֆայէլ Յովհաննէսեան մրցակից ունեցաւ  Պուլկար մարզիկ  Ալեքսէյ Ալֆիոռաուի հետ: Հայ բռնցքամարտիկը զիջեցաւ մրցակիցին՝ դառնալով Պրոնզէ մետալակիր: Նախապէս Հայաստանի հաւաքականի մարզիկ  Բարեղամ Յարութիւնեան մրցած էր Պուլկար Երգիունալ Սեբահտինին հետ եւ պարտութեան մատնուած էր  4 – 1 հաշուով: Յարութիւնեան դարձած էր Եւրոպայի գաւաթի խաղարկութեան պրոնզէ մետալակիր: Իսկ մինչեւ 54 քկ. ծանրութեան կարգի հանդէս եկող Ռուսլան Ասլիկեանի  մրցակիցը դարձաւ  ռուս  ներկայացուցիչ Մաքսիմ Կուզնետցով, որ դարձեալ պարտուելով արժանացաւ Պրոնզէ մետալի:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան