ՏԵՂԱԿԱՆ
ԼՈՒՐԵՐ ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԱՐԶԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԷՆ
-Սուրիոյ պասքեթի դաշնութիւնը բեկանելով անդամական ընդհանուր ժողովէն բխած որոշումը յայտարարեց, որ 2023 – 2024 տարեշրջանի պասքեթի տղոց մրցաշարքի առաջին փուլը տեղի պիտի ունենայ առանց օտար խաղացողներու, եւ անոնց մասնակցութիւնը պիտի բաւարարուի միայն աւարտական քառեակի փուլով:
-Սուրիոյ ֆութպոլի հաւաքականը Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ կատարած ուսումնամարզական հաւաքի ընթացքին բարեկամական հանդիպում մը ունեցաւ Քուէյթի կազմին հետ, որ վերջ գտաւ 2 – 1 արդիւնքով՝ ի նպաստ Քուէյթի: Սուրիոյ միակ կոլը նշանակեց խմբապետ Օմար Սոման:
ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ
TRANSFERMARKT-Ը ԱՇԽԱՐՀԻ ԱՄԵՆԱԹԱՆԿԱՐԺԷՔ ՖՈՒԹՊՈԼԻՍՏՆԵՐՈՒ ՑԱՆԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԵՑ
Վերջերս Transfermarkt-ի մասնագէտները յայտարարած են եւրոպական գլխաւոր առաջնութիւններու որոշ ֆութպոլիստներու փոխադրական  արժէքի տուեալները, նկատի առնելով հինգ գլխաւոր լիկաներ: Այսպիսով՝ աշխարհի ամենաթանկարժէք ֆութպոլիստները կը  շարունակեն մնալ Մանչեսթըր Սիթիի յարձակող Էրլինկ Հոլանտը եւ Փարիզ սան Ժերմանի  մարզիկ Քիլիան Մպափէն։ Անոնց փոխադրութեան արժէքը հասած է աւելի քան 180 միլիոն եւրոյի:  Երրորդ եւ չորրորդ տեղերը կը գրաւեն Ռէալի երկու ֆութպոլիստները՝ Ճուտ Պելինկհեմը եւ Վինիսիոս Ժունիըրը։ Անոնց արժէքը 150 միլիոն եւրոյով սահմանուած է:
Աւելցնենք, որ առաջին 15 ֆութպոլիստներու փոխադրութեան արժէքը հասած է 100 միլիոն եւրոյի:
ՄՈՐԻՆԻՕ ԿԱՐՄԻՐ ՔԱՐՏՈՎ ՀԵՌԱՑՈՒԵՑԱՒ ՄՐՑՈՒՄԷՆ
Իտալիոյ Ռոմա խումբի փորթուկալցի մարզիչ Ժոզէ Մորինիօն Մոնզա խումբին դէմ ընթացած մրցումին կարմիր քարտով հեռացուեցաւ խաղէն: Հանդիպումը ընթացաւ հաւասար արդիւնքով մինչեւ 99-րդ վայրկեանը, երբ Սթիվըն Շաարաուին յաջողեցաւ ցնցել մրցակիցին դարպասը, որմէ ետք Ռոմայի խաղացողները դիտմամբ փորձեցին ուշացնել գնդակին փոխանցումը, ինչ որ պատճառ դարձաւ մրցակից կազմի դժգոհութեան եւ վէճ մը յառաջացաւ կանաչ դաշտին վրայ: Ըստ հաղորդուած տեղեկութիւններուն,  Մորինիօ ուղղուելով մրցակից կազմի մարզիչին, ձեռքերով աչքերը շփեց եւ ըսաւ. «բաւարար է այսքան լաց ձեզի»: Այս արտայայտութենէն ետք իրաւարարը կարմիր քարտով դաշտէն հեռացուց փորթուկալցի մասնագէտը։ Վերջինս այս պատճառով պիտի բացակայի յառաջիկայ մրցումէն, որ տեղի պիտի ունենայ Ինթըր Միլանի հետ:
Պատրաստեց Ռաֆֆի Սիւլահեան